image

ՀՀ քաղաքացիները պիտի չկարողանան Իտալիա այցելել

ՀՀ քաղաքացիները պիտի չկարողանան Իտալիա այցելել

Հայաստանը բացառվուած է երկիրներու ցուցակէն, որու քաղաքացիներուն կը թոյլատրուի Իտալիա մուտք գործել։ Իտալիոյ Առողջապահութեան նախարարութեան վերջին թարմացուած ցուցակին համաձայն՝ այդ երկիրներու շարքին են՝ Ալպանիա, Հայաստան, Ատրպէյճան, Պոսնիա եւ Հերցեկովինա, Պրունէյ, Լիբանան, Մոլտովա, Չեռնոկորիա, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Սերպիա, Թայուան, Հոնկ Քոնկ, Մաքաօ։

Այդ երկիրները տեղափոխուած են «E» ցուցակ, ինչ որ կը նշանակէ, որ այդ երկիրներէ ճանապարհորդներուն կը թոյլատրուի մուտքը Իտալիա միայն կարեւոր նպատակներու համար՝ մուտքի կանոններու խիստ պահպանման պայմաններու մէջ։