image

Հերթը Շիրինօղլուի՞ն է

 Հերթը Շիրինօղլուի՞ն է

Պոլսոյ հայկական համայնքի մեծամեծներէն՝ Պետրոս Շիրինօղլուին մասին տարաբնոյթ տեղեկութիւններ կը հասնին։

 Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ մի քանի հրապարակումներէ, որոնց մէկ նմոյշը միայն կը ներկայացնենք լայն հասարակութեան։

 Եւ այսպէս կը նշուի, որ Պոլսահայ համբաւաւոր գործիչը ճնշումի տակ առնուած է մասնաւորապէս այն պատճառով, որ իրեն Անգարայի իշխանութեանց կողմէ տրուած են որոշ առանձնաշնորհումներ։

 

Մինչեւ այս պահը Շիրինօղլու, ոչ ալ անոր անունով խօսողները արձագանգած են այս տեղեկութիւններուն, մեծ կասկածներ առաջացնելով Պոլիս ու անկէ դուրս ապրող մեր հայրենակիցներու լայն շրջանակներուն մօտ։

 

 Ամէն պարագայի նախքան «Ակօս»ի ներքոգրեալ նիւթը կարդալը մեր ընթերցողներուն հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ առնուազն վերջին տաս տարիներու ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլու կը համարուի մէկ կողմէ Անգարայի իշխանութեանց եւ միւս կողմէ ալ Պոլսոյ հայկական համայնքին միջեւ կապերը համակարգող ամենաչքառու գործիչը ու վերջինիս հովանաւորութեամբ ու նաեւ համատեղ «կանաչ լոյս»ով է, որ Սահակ եպս. Մաշալեանը կարողացաւ «նախասիրուած» թեկնածու դառնալ Անգարայի մօտ, ի հեճուկս Տ. Արամ արք. Աթէշեանին, որ նոյնպէս վերջին տարիներուն կը վարէր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօն։

 Այս առումով ալ մինչեւ հիմա կը շարունակէ անհասկնալի մնալ, թէ ինչ հիմունքներով Շիրինօղլու թշնամացաւ Տ. Արամ արք.ին հետ ու սուր պայքար ծաւալեց վերջինիս դէմ։

 Ստորեւ «Ակօս»ի հրապարակումը՝

«Ակօս» կը գրէ, թէ« Յանցագործ աշխարհի կարեւորագոյն դէմքերէն Սետաթ Փեքեր իր ապաստանած Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններէն հրատարակած վիտէօ ժապաւէններով շատ ցնցիչ յայտարարութիւններ կը հրապարակէ: Միջոցէ մը ի վեր ապաստանած երկրի իշխանութիւնները իր անվտանգութեան համար արգիլեցին անոր ընկերային ցանցերու միջոցաւ կատարած յայտարարութիւնները: Իսկ Փեքեր այս սահմանափակումը յաղթահարելու համար սկսած է օգտուիլ լրագրող Էրք Աճարէրի «թուիթըր»եան հաշիւէն: Փեքեր անցեալին շատ ծանր մեղադրանքներ բերած էր ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի, նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի, անոր որդւոյն Էրքամ Եըլտըրըմի եւ դեռ շատերում հասցէին: 

Այդ ծանր մեղադրանքներով հանդերձ Թուրքիոյ դատարանները ոչ մէկ հարցաքննութիւն կատարած են պնդումներու հետեւանքով:

Փեքերի վերջին յայտաարութեան մէջ նիւթ դարձած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի անունը: Նիւթը նախապէս ալ տեղ գտած էր «Ակօս»ի էջերուն մէջ, երբ կարգ մը ոստիկանապետեր կաշառք պահանջած էին Շիրինօղլուէն, անոր ինքնաշարժին ապօրէն կերպով անձեռնմխելիութիւն տրամադրելուն համար:

Շիրինօղլու այս պահանջէն տեղեակ պահած էր ներքին գործոց նախարարը, բայց այս վերջինը փոխանակ պատշաճը կատարելու, փորձած էր խնդիրը քօղարկել: Այս մասին Շիրինօղլու ներքին գործոց նախարարին ուղղեալ նամակին մէջ ինքզինք ներկայացուցած էր իբրեւ թրքահայ համայնքի աշխարհական պետը ըլլալով: Յաւելած էր նաեւ, թէ որդեգրած է Թուրքիոյ պետութեան ծառայելու առաքելութիւնը: Նոյնիսկ ի գին ամբողջ սփիւռքի հալածանքին, ժխտած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Այս մասին տեղեկութիւնները կը հասնին Ալին Օզինեանի ստորագրած յօդուածէն: Այստեղ պարտինք նշել, որ Շիրինօղլու բաւական լաւատես եղած է իր դէմ հալածանքը միայն ու միայն սփիւռքահայութեամբ սահմանելու խնդիրին մէջ»։