image

Հերցոկ-Էրտողան հեռախօսային քննարկում

Հերցոկ-Էրտողան հեռախօսային քննարկում

Իսրայէլի նախագահ՝ Իսհաք Հերցոկ հեռախօսային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճեպ Թայէպ Էրտողանի հետ` շնորհաւորելով զինք Ատհայի տօնին առիթով: Այս մասին հաղորդած է «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը:

Զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններն ու շրջանային տարբեր խնդիրներ:

Երկու երկիրներուն նախագահները համաձայնած են զարգացնել երկկողմանի յարաբերութիւնները որոշակի քայլերով, որոնք հիմնուած պիտի ըլլան փոխադարձ դրական զգացումներու եւ արդի օրակարգի վրայ: