Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգութեան պետական թատրոնին մէջ փոքրիկները հնարաւորութիւն ունեցած են վայելելու Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) եւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ «Հայասա» թատերախումբի՝ Սուրբ Ծննդեան տօնին նուիրուած «Մէկ բարի գործ» գունեղ ներկայացումը:
Բեմադրութեան մէջ ընդգրկուած էին նաեւ երեխաներ, որոնք պատասխանատւութեամբ խաղցած էին իրենց փոքրիկ դերերը: «Մէկ բարի գործ» ներկայացման բեմադրիչը Նունէ Աբրահամեանն էր:
Ներկայացումը փոստատարի մասին էր, որուն ուղղուելու համար հայրն ուղարկած է այլ քաղաք: Տղան կրցած է վանել չարութիւնը քաղաքէն, ու մէկ բարի գործ ընելով՝ մղած ուրիշները նոյնպէս նորանոր բարի գործեր ընելու: Փոստատարի եւ անոր համախոհներու շնորհիւ քաղաքէն նահանջած են չարութիւնը, նախանձը, երեխաները դարձած են կարգապահ, ընթերցասէր, բարի:
Ներկայացումէն ետք, որ դաստիարակչական ուղերձներ ունէր, հանդիսատեսին հիւր եկած է Ձմեռ պապը: Երեխաները նաեւ նուէրներ ստացած են:
Նիւթը` «Առաւօտ»-էն