image

«Հէ՜յ յոյներ...» Էրտողան սպառնալից ոճով արտայայտուած է Յունաստանի դէմ

«Հէ՜յ  յոյներ...» Էրտողան  սպառնալից ոճով արտայայտուած է Յունաստանի դէմ

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան  Յունաստանին կոչ ըրած է դասեր քաղելու երկկողմանի յարաբերութիւններու պատմութենէն եւ հրաժարիլ Անգարայի նկատմամբ լարուածութեան քաղաքականութենէն։ Այս մասին հաղորդած է «Արմէնփրես»՝ վկայակոչելով ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

«Հէ՜յ, յոյնե՛ր, եթէ կանգ չառնէք, այդ ձեզի սուղի կը նստի», - ըսած է Թուրքիոյ նախագահը Թուրքիոյ սեւծովեան Սամսուն քաղաքը տեղի ունեցած հանրահաւաքի ժամանակ:

Հեռարձակումը իրականացուցած է TRT հեռուստաալիքը։

«Յունաստանի համար մենք միայն մէկ առաջարկ ունինք՝ մի մոռնաք Իզմիրը», – ըսած է Էրտողան` յիշեցնելով, որ յոյն-թրքական պատերազմը աւարտած է 1922-ին` Էկէեան ծովի ափին գտնուող Յունաստանի վերջին յենակէտի` Իզմիր քաղաքի գրաւումով եւ թրքական տարածքէն յունական զօրքերու արտաքսումով:

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի` ՆԱԹՕ-ի երկու հարեւաններու եւ դաշնակիցներու յարաբերութիւնները կտրուկ սրուած են 23 Օգոստոսին: Ընդհանուր առմամբ, տարեսկզբին Յունաստանի ռազմաօդային ուժերու օդանաւները Էկէեան ծովի երկինքը 158 անգամ հետապնդած են թրքական կործանիչները եւ 256 անգամ խախտած Թուրքիոյ օդային տարածքը։

Թուրքիան արդէն յայտարարած է, որ մտադիր է ՆԱԹՕ-ի մակարդակով բարձրացնել Յունաստանի կողմէ իր ռազմական օդանաւերու հալածանքներու եւ ամբողջ Անգարայի նկատմամբ լարուածութեան քաղաքականութեան հարցը։