Ռուսաստանի ֆութպոլային միութեան առաջին փոխնախագահ, առասպելական ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Նիքիթա Սիմոնեան 12 Հոկտեմբերին կը նշէ ծննդեան 95-րդ տարեդարձը:
Ֆութպոլային կեանքի ընթացքին Նիքիթա Սիմոնեանը 160 կոլով «Սպարտակ»ի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն է:
ԽՍՀՄ-ի հաւաքականի առասպելական յարձակողը ոսկէ մետալ նուաճած է Մելպուռնի 1958 թուականի Ողիմպիական խաղերուն, ինչպէս նաեւ մասնակցած է 1958-ին Շուէտի մէջ կայացած աշխարհի առաջնութեան: 2000-ին Սիմոնեանը ՖԻՖԱ-ի շքանշան ստացած է ֆութպոլի մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար:
Մարզչական կեանքի ընթացքին Նիքիթա Սիմոնեանը 1973-1974-ին գլխաւորած է Երեւանի «Արարատ»ը, որու հետ դարձած է ԽՍՀՄ-ի ախոյեան: