image

Հայաստանը մեծապէս կը կարեւորէ Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացումը. ՀՀ նախագահը՝ Սիսիին

Հայաստանը մեծապէս կը կարեւորէ Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացումը. ՀՀ նախագահը՝ Սիսիին

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսիին ազգային տօնի՝ Յեղափոխութեան օրուան կապակցութեամբ։

«Հայաստանը մեծապէս կարեւորում է Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնների հետեւողական զարգացումը՝ հիմնուած մեր ժողովուրդների միջեւ դարաւոր բարեկամութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան, մշակութային սերտ առնչութիւնների վրայ։

Մեծ գոհունակութեամբ եմ արձանագրում, որ հայ-եգիպտական կապերը շարունակում են անշեղօրէն ընդլայնուել եւ խորանալ՝ ընդգրկելով համագործակցութեան նոր ոլորտներ։ Այս ամէնին զգալիօրէն նպաստում են վերջին տարիների բարձրաստիճան այցերը, ինչպէս նաեւ երկու ուղղութիւններով զբօսաշրջային հոսքերի աւելացումը եւ դրանցով պայմանաւորուած շփումները»,- մասնաւորապէս ըսուած է նախագահ Խաչատուրեանի ուղերձին մէջ: