Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն աշխատանքային հանդիպում ունեցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ՝ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու եւ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան անդամներու հանդիպման շրջածիրէն ներս, յայտնած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:
«Հայաստանը մեր դաշնակիցն է ՀԱՊԿ-ի մէջ եւ առանցքային ռազմավարական գործընկերը՝ Անդրկովկասի մէջ, մենք չափազանց շահագրգռուած ենք տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պահպանմամբ եւ բոլոր ջանքերը կը գործադրենք ատոր համար։ Մենք առանձնայատուկ կը կարեւորենք երկկողմ համագործակցութեան զարգացումը եւ աջակցութիւնը Հայաստանի զինուած ուժերու ներուժի մեծացման գործին մէջ»,-ըսած է Շոյկուն։
Հանդիպման ընթացքին պաշտպանութեան գերատեսչութիւններու ղեկավարները հաստատած են երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններու 2023 թուականի համագործակցութեան ծրագիրը։
Ռուսիոյ Դաշնութեան ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ ընդգծած է, որ ռուսական կողմը պատրաստ է շարունակելու համատեղ աշխատանքը։
Իր հերթին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան նշած է, որ սա այս տարուան չորրորդ հանդիպումն է։