image

Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ համայնքը նոր Առաջնորդ ունեցաւ. Գերյ. Գէորգ Թ.Ծ. Վրդ. Նորատունկեան

 Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ համայնքը նոր Առաջնորդ ունեցաւ. Գերյ. Գէորգ Թ.Ծ. Վրդ. Նորատունկեան

Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի  եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ համայնքը նոր Առաջնորդ ունեցաւ. Գերյ. Գէորգ Թ.Ծ. Վրդ. Նորատունկեան 

Երկար ժամանակէ ի վեր թափուր մնացած  աթոռը դարձալ կը փառաւորուի նոր առաջնորդի մը նշանակումով։ Խօսքը Հայաստանի, Վրաստանի, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդական աթոռին մասին է, որ այսուհետեւ պիտի վստահուի Զմմառեան Միաբանութեան յարգուած միաբաններէն՝  Գերյ. Թագադիր Ծ. Վրդ. Նորատունկեանին։

Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին մօտիկ կանգնած աղբիւրէ մը, որ նաեւ նշեց, որ այս կարեւոր նշանակումը կատարուած է Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի բարձր տնօրինմամբ։

 

 Ստորեւ եղած նշանակման մասին «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութեան կողմէ ներկայացուցած լրատւութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ նշանակեց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի անդամ` Գերյ. Գէորգ Թ. Ծ. Վ. Նորատունկեանը, որ մինչեւ օրս կը վարէր

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդի եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւորի պաշտօնը, անոր սահմանելով Սեբաստիոյ Հայերու Արքեպիսկոպոսական Աթոռը, Արքեպիսկոպոսի տիտղոսով։

Կենսագրական տուեալներ

 

Գերյ. Գէորգ Թ. Ծ. Վ. Նորատունկեան ծնած է Հալէպ` 16 նոյեմբեր 1968ին։ Փոքր տարիքին մտած է Զմմառու Վանք, ուր աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսումները մեծաւորներու հրամանով մեկնած է Հռոմ, Լեւոնեան Ք. Վարժարան եւ աւարտելէ ետք փիլիսոփայութեան ու աստուածաբանութեան մասնաճիւղերը 1997ին` Սալեզեաններու Քահանայապետական համալսարանէն ձեռք բերած է Կրթական Գիտութեան մասնաճիւղի վկայականը։

 

20 օգոստոս 1995ին ձեռնադրուած է Քահանայ Հալէպի մէջ, անդամակցելով Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան։

 

Ան ի միջի այլոց պաշտօնավարած է` որպէս Փոքր Նորընծայարանի փոխ տեսուչ` (1997-1998); Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ Փոխ Ժողովրդապետ (1998-1999); Փոքր նորընծայարանի տեսուչ-մեծաւոր (1999-2001); Փոքր եւ աւագ նորընծայարանի տեսուչ-մեծաւոր (2001-2007); 2003-2007 պաշտօնավարեց որպէս Զմմառու Միաբանութեան Ընդհանուր Մատակարար հուսկ փոխադրուեցաւ Մոսկուա այնտեղ ստանձնելով հայ կաթողիկէ համայնքի Ժողովրդապետի պաշտօնը, 2007-2010 թուականներուն; 2010-2015 վարեց Հռոմի Լեւոնեան Ք. Վարժարանի տեսուչ-մեծաւորի պաշտօնը, եւ 2013-2015 անուանուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի եւ Ամմանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Էկզարխութեան Առաքելական Կառավարիչ, որմէ ետքը` 2015-ին մեկնեցաւ Ֆրանսայի Լիոն քաղաք, դառնալով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ մինչեւ

 

2023 թուականի օգոստոս ամիսը, երբ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան ընդհանուր ժողովը զինք ընտրեց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր։

 

Յայտնենք, որ Գերյ. Գէորգ Թ. Ծ. Վ. Նորատունկեանը` Հայաստանի Առաջնորդութեան Արքեպիսկոպոսի այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ 2021 սեպտեմբերին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք ընտրուած Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ Հայաստանի Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդի պաշտօնը վարեց 2011էն մինչեւ 2021։ Իսկ 2022ին Ֆրանչիսկոս Պապը Թափուր Աթոռի` որպէս Առաքելական Կառավարիչ նշանակած էր Հայր Միքայէլ Պասալէն որ այսօրուայ անունաումով կ՛աւարտէ իր այս պաշտօնը։