image

Հայաստանի մշակութային օրեր՝ Եգիպտոսի մէջ

Հայաստանի մշակութային օրեր՝ Եգիպտոսի մէջ

Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Փօլատեան 4 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի մշակոյթի նախարար Նեվին Եուսեֆ Ալ Քիլանիի հետ։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Բարձր գնահատելով երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ մշակութային ոլորտի համագործակցութեան լաւ աւանդոյթները՝ զրուցակիցները պատրաստակամութիւն յայտնած են համատեղ ջանքեր գործադրելու փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման համար։ Այս կապակցութեամբ ՀՀ դեսպանը առանձնայատուկ կարեւորած է երկու երկիրներու միջեւ համապատասխան իրաւապայմանագրային դաշտի թարմացումն ու լրամշակումը։ Միեւնոյն ժամանակ, դեսպան  Փօլատեան նշած է, որ հայկական կողմը կը նախատեսէ աշխատանքներ իրականացնել՝ գալիք տարուան մէջ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի մշակութային օրեր կայացնելու ուղղութեամբ։ Համագործակցութեան աւելի ընդլայնման համար կողմերը կարեւորած են նաեւ պաշտօնական պատուիրակութիւններու եւ մշակութային խումբերու փոխայցելութիւններու աշխուժացումը։ 

Հանդիպման ընթացքին դեսպան Փօլատեան նախարար Նեվին Ալ Քիլանիին փոխանցած է ընթացիկ տարուան հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայանալիք «Կին քաղաքական առաջնորդների Ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գագաթնաժողովի» մասնակցութեան հրաւէրը։ Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրի համար՝ նախարարը հետաքրքրութիւն յայտնած է գագաթնաժողովին մասնակցութեան առնչութեամբ։