image

Իսթամպուլ-Երեւան թռիչքներ պիտի կայանա՞ն. Թուրք պաշտօնեային անդրադարձը

Իսթամպուլ-Երեւան թռիչքներ պիտի կայանա՞ն. Թուրք պաշտօնեային անդրադարձը

Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան փոխնախագահ Օմեր Չելիք անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմային։

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի գլխաւորած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան փոխնախագահ Օմեր Չելիք հայ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմային հետ կապուած շեշտած է, թէ այս թեմայով նախագահ Էրտողան քանի մը սկզբունքային տեսակէտեր ունի՝ գործընթացին Ատրպէյճանի դրական վերաբերմունքը, արխիւներու բացումը, թեման քաղաքական ամպիոններէն հեռացնելը եւ պատմաբաններուն թողնելը։

«Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նախաձեռնութիւնը կրնայ տեղի ունենալ այն պայմանով, որ Հայաստան հրաժարի Ատրպէյճանի դէմ յարձակողական ու զաւթողական քաղաքականութենէն։ Բացի այդ, նախագահ Էրտողանի համար ամենազգայուն կէտը այն է, որ մեր ատրպէյճանցի եղբայրները եւ նախագահ Ալիեւը դրական կը նային Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման», ըսած է Օմեր Չելիք։

Չելիք նաեւ ընդգծած է, որ եթէ յարաբերութիւններու կարգաւորումը լաւ ընթանայ, ինչին Ատրպէյճանը համաձայնած եւ աջակցած է, Թուրքիան եւ Հայաստանը, որպէս գործընթացի քայլերէն մէկը, պիտի վերսկսին չարթըրային թռիչքները։