image

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիներու առաջին հանդիպումը Մոսկուայի՞ մէջ

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիներու առաջին հանդիպումը Մոսկուայի՞ մէջ

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ։ Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն։

«Նշանակուած են Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ ներկայացուցիչներ։ Առաջին հանդիպումը պիտի կայանայ Մոսկուայի մէջ։ Յոյս ունինք, որ Հայաստանը կը գործէ միջազգային իրաւունքի շրջանակին մէջ», ըսած է Չաւուշօղլուն։

Նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ Սթամպուլ–Երեւան առաջին թռիչքը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն։

Ան աւելցուցած է, որ Սթամպուլի եւ Երեւանի միջեւ թռիչքները պիտի բացուին մօտ օրերս։

Իր կարգին, ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեան ֆէյսպուքեան էջով գրած է.

«Այս պահի դրութեամբ, Հայաստանի եւ Թուրքիայի յատուկ ներկայացուցիչների հանդիպման ժամկէտի վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն չկայ։ Քննարկւում է հանդիպումը Մոսկուայում անցկացնելու հնարաւորութիւնը»,- գրել է նա։