Հայաստանը դեռ դիրքորոշում չունի «3+3» ձեւաչափին վերաբերեալ։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը՝ անդրադառնալով տարածաշրջանային նոր ձեւաչափի ձեւաւորման հարցին, որուն մէջ կ'ենթադրուի Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ՝ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը. նման առաջարկ պատերազմէն ետք հնչեցւոցած է Թուրքիան, պատերազմի ընթացքին տարածաշրջանային ձեւաչափ ձեւաւորելու առաջարկ ներկայացուցած էր Իրանը, իսկ վերջերս անոր վերաբերեալ դրական արտայայտուած էր Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարը:
«Ձեւաչափը դեռ յստակացուած չէ, երբ աւելի յստակ լինի, մենք մեր դիրքորոշումը կը յայտնենք։ Բնականաբար, մենք քննարկում ենք այն, որոշ դիրքորոշումներ ներկայացրել ենք մեր գործընկերներին, եւ նրանք ըմբռնումով են մօտենում մեզ», ըսած է Գրիգորեան։
Գրիգորեան ըսած է նաեւ, որ Հայաստան կը կարեւորէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելը, բայց նաեւ կ'առանձնացնէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումները։
«Ընտրութիւններից յետոյ ստանալով մանդատ խաղաղութեան դարաշրջանը բացելու համար՝ մենք կարեւորում ենք Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելը։ Ոչ միայն քաղաքական, այլեւ՝ տնտեսական։ Տնտեսական կարգաւորումը մեզ համար լայն հնարաւորութիւններ է բացում։ Միայն եթէ նայէք Երեւան-Կարս երկաթգծին, կը տեսնէք, թէ տնտեսական որքան հնարաւորութիւններ են բացւում, Թուրքիան էլ է շահելու Երեւան-Կարս երկաթուղուց, քանի որ դրա այլընտրանքը չունի», նշած է Գրիգորեան եւ յաւելած, որ Հայաստանի տարածքով միջանցքի տրամադրման հարց չէ քննարկուած եւ չի քննարկուիր, եւ որ անոր մասին պայմանաւորուածութիւններ չկան: