Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ասատ Շայպանիի հետ։ Քննարկուած են Երեւանի եւ Դամասկոսի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացումն ու համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները, յայտնած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Զրուցակիցները պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են համատեղ ջանքերով քաղաքական երկխօսութիւնն աշխուժացնելու եւ փոխայցելութիւններու միջոցով համագործակցութիւնը խթանելու շուրջ՝ այն ոլորտներու մէջ, որոնք փոխադարձ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն։
Նշուած է, որ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու խորացման հիմքը երկու ժողովուրդներու աւանդաբար ձեւաւորուած բարեկամութիւնն է։ Կողմերը զարգացման ներուժ ունեցող ուղղութիւններ համարած են տնտեսական համագործակցութիւնն ու ներդրումներու խթանման հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ մարդասիրական ծրագիրները։
Մարդասիրական ոլորտի շրջածիրէն ներս նախարար Միրզոյեանը վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու աջակցութիւնն ականազերծման աշխատանքներուն Սուրիոյ մէջ։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներու շուրջ։ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարը շնորհաւորած է ՀՀ գործընկերը՝ օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կապակցութեամբ, որոնք ուղղուած են խաղաղութեան հաստատման։ Կողմերը քննարկած են խաղաղութեան գործընթացի հետագայ առաջընթացին միտուած քայլերը։