image

Հայաստան. Շնորհիւ ՀՕՄ-ին արցախցի 10 ընտանիքներու նոր բնակարան

Հայաստան. Շնորհիւ ՀՕՄ-ին արցախցի 10 ընտանիքներու նոր բնակարան

2025 թուականի փետրուարին Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) նախաձեռնութեամբ մեկնարկած է արցախցիները տուներով ապահովելու նոր ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Յոյսի օճախ»։ Այն կարճ ժամանակուայ մէջ մեծ ժողովրդականութիւն գտած է սփիւռքի մէջ. բազմաթիւ կառոյցներ եւ սփիւռքայահեր ֆինանսական միջոցներ յատկացուցած են այդ ծրագիրը կեանքի կոչելու համար։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ՀՕՄ-ի Հայաստանի  Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեանի հետ  կատարուած  հարցազրոյցը։

«ՀՕՄ-ը հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած կազմակերպութիւն է, եւ միշտ կը փորձէ իր ժողովուրդին օգտակար դառնալ։ Այս վերջին տարիներուն, երբ արցախցիները բռնի տեղահանուելէն յետոյ հաստատուեցան Հայաստան, չուզեցինք, որ այստեղէն ալ այլ երկիր տեղափոխուին ու ցրուին։ Մտածեցինք ձեւ մը գտնել, որ անոնք մնան Հայաստան։ Մեր ընկերներէն մէկը՝ Իւան Արտալճեան, ծրագիր մը սկսած էր․ ան տուն գնած էր ու նուիրած արցախցի ընտանիքի մը։ Այդ տունը նաեւ հողամաս ունէր։ Մեր այդ ընկերն իր գաղափարին մասին ինծի ալ ըսաւ։ Շատ սիրեցի այդ գաղափարը։ Անշուշտ, մենք չէինք կրնար այդ ծրագիրն առանձին իրականացնել։ Դիմեցինք ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, որ նոյնպէս շատ սիրեց ծրագիրը եւ մեզի ըսաւ, որ սկսինք աշխատանքը։ Որպէսզի լաւ եւ հաստատուն քայլերով ընթանանք, մենք որոշեցինք մինչեւ Հոկտեմբեր գոնէ 10 ընտանիք տունով ապահովել, որպէսզի անոնք հողամշակութեամբ զբաղին եւ կառչած մնան հայրենի հողին։ Այս տարի, ի դէպ, ՀՕՄ-ի 115-ամեակն է։ Յաջողեցանք։ Նախընտրեցինք Շիրակի մարզը, քանի որ այնտեղ անհատներ կային, որոնք կրնային աջակցիլ։ Օրինակ՝ մեր Շրջանային վարչութեան քարտուղարուհին՝ ընկերուհի Հռիփսիմէ Նահապետեան, Շիրակի մարզի մէջ 30 տարի ապրած է ու պետական մակարդակի բոլոր մանրամասնութիւնները գիտէ մարզի մասին։ Ախուրեանի նախկին համայնքապետը՝ Արծրուն Իգիթեան եւս մեզի կրնար օգնել։ Եւ այդպէս, մենք կարողացանք 10 ընտանիքի տուն տրամադրել, որպէսզի անոնք երթան եւ այնտեղ ապրին»,- պատմեց Մարօ Քէշիշեան։

Բայց այդ տուներուն մէջ ապրելու համար արցախցիներուն ՀՕՄ-ը որոշ պայմաններ կը ներկայացնէ․ պէտք է ընտանիքը 10 տարի այդ տան մէջ ապրի, տնամերձ հողատարածքը մշակէ, եւ եթէ ծրագիրն իրականացնողները համոզուին, որ ընտանիքը, իսկապէս, կը սիրէ հողամշակութիւնը, խնամքով կ'օգտագործէ հողատարածքն ու տունը, ուրեմն 10-րդ տարին այդ տունը տուեալ ընտանիքին կը նուիրեն։ Ընդ որում, ընտանիքն այդ տունը չի կրնար վաճառել՝ բացի այն պարագային, երբ Արցախ վերադառնալու հնարաւորութիւն ըլլայ։ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին նշեց, որ մեծ հաւատք կայ, որ օր մը վերադառնանք Արցախ։

«Բնակարանները գնելու համար ֆինանսական միջոցներ կը տրամադրէ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը։ Սփիւռքի մեր բոլոր կազմակերպութիւններն ալ, հայկական համայնքներն ալ խանդավառուած են այս ծրագիրով։ Անոնք նուիրատուութիւններ կը կատարեն ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, վարչութիւնն ալ գումարը մեզի կը փոխանցէ։ Շատ հեզասահ, մեծ ժողովրդականութիւն գտած ծրագիր է ասիկա։ Անշուշտ, Կեդրոնական վարչութեան արտօնութեամբ, պիտի փորձենք այս ծրագիրը շարունակել։ Որքան կրնանք, շատ բնակարաններով պիտի ապահովենք արցախցիներ։ Մենք սկսած ենք Շիրակի մարզէն, բայց, անշուշտ, պիտի փորձենք այլ մարզեր ալ երթալ»,- նշեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին։

Նոր տուներ ստանալու համար 8 ընտանիքներն արդէն իսկ ընտրուած են, միայն երկու ընտանիք մնացած է, որոնց պէտք է ընտրէ ծրագիրն իրականացնող յանձնախումբը։ Մարօ Քէշիշեան պատմեց, թէ ինչպէս ընտրուած են այն ընտանիքները, որոնք տուներ ստացած են այս ծրագիրի միջոցով։

«Մենք, անշուշտ, չենք ճանչնար բոլոր արցախցիները, որոնք եկած են, հաստատուած Շիրակի մարզին մէջ։ Օրինակ՝ գացած ենք Բենիամին, Ախուրիկ, Մեծ Սարիար, Բասէն գիւղերը․․․․ Նախ բնակավայրի վարչական ղեկավարներուն հետ հանդիպած ենք, անոնցմէ խնդրած այնտեղ ապրող արցախցիներու ցանկը, զրուցած անոնց մասին։ Հարցուցած ենք՝ ո՞ր ընտանիքները բազմանդամ են։ Մանաւանդ այդ ընտանիքներուն կը նախընտրենք տուն տրամադրել։ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը յանձախումբ մը նշանակած է։ Յանձնախումբը կ'երթայ եւ կը տեսակցի այդ ընտանիքներուն հետ, կը համոզուի, որ այդ ընտանիքը կ'ուզէ մնալ հայրենիք, ապա կը փորձենք տունը անոնց տալ»,- նշեց Մարօ Քէշիշեան՝ շեշտելով, որ բազմաթիւ արցախցիներ կան, որոնք եկած են Արցախի գիւղերէն, կը սիրեն հողամշակութիւնը եւ չեն ուզեր արտերկիր մեկնիլ։

 

Իսկ ո՞ր գիւղերուն մէջ գնուած են նոր տուները։

Այս ծրագիրի ծիրէն ներս Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ ՀՕՄ-ի նախաձեռնութեամբ գնուած է չորս տուն, ուր պիտի ապրին հինգ ընտանիք։ Քանի որ Ախուրիկ գտնուող 4 տուներէն մէկուն մակերեսը մեծ եղած է, բաժնուած է երկու մասի, այդպիսով՝ երկու ընտանիք տեղաւորուած է այնտեղ։ Երկու ընտանիք Բենիամին գիւղին մէջ տուն ստացած է, մէկ ընտանիք՝ մեծ Սարիարի մէջ։ Վերջերս մէկական տուն գնուած է Բասէն եւ Հացիկ գիւղերուն մէջ։ Արցախցիները եւս շատ ոգեւորուած են այս ծրագիրով։

Պէտք է շեշտել, որ այս ծրագիրն իրականացնող յանձնախումբը տունը գնելէն յետոյ այն կը վերանորոգէ, կը կահաւորէ եւ այն ատեն միայն կը յանձնէ արցախցիներուն։ Վեց ընտանիք արդէն նոր տուներուն մէջ կ'ապրի, միւսները առաջիկային կը տեղափոխուին նոր օճախներ։

«Մայիսին առաջին ընտանիքը տեղափոխուեցաւ նոր տուն։ Պարոն Նուէրի ընտանիքն էր, որ Ախուրիկ տուն ստացաւ։ Ան պատերազմին մէկ ձեռքը կորսնցուցած է, բայց միայն աջ ձեռքով այնպիսի հողամշակութիւն կ'ընէ եւ այնքան լաւ հոգ կը տանի այգիին։ Այդ տունն ու այգին ծաղկած էին, պտղատու ծառերը պտուղ տուած էին։ Շատ-շատ աշխատասէր մարդիկ են։ Երկրորդը այն տունն էր, որ մեծ էր, ու երկու մասի բաժնեցինք․ այն նոյնպէս Ախուրիկի մէջ էր։ Մայիսին այդ երկու ընտանիքներն ալ տեղափոխուեցան այդ տունը»,- մանրամասնեց Մարօ Քէշիշեան։

Հոկտեմբեր 16-ին յատուկ արարողութիւն տեղի կ'ունենայ, եւ արցախցիները կը ստանան այն վկայագիրները, որոնցմով արդէն պաշտօնապէս անոնց կը յանձնուին այդ տուները, իսկ բուն փաստաթուղթերը (ուր արդէն կը նշուի, որ ընտանիքը բնակարանի սեփականատէրն է) անոնց կը յանձնուի 10 տարի յետոյ։

«Այդ տուներու բացման արարողութիւնը Բենիամին գիւղին մէջ պիտի ընենք եւ մեծ շուքով տօնենք»,- նշեց Մարօ Քէշիշեան։ 

Հոկտեմբերին ՀՕՄ-ը պիտի նշէ 115-ամեակը, եւ անոր ծիրէն ներս բազմաթիւ միջոցառումներ պիտի կատարուին։

ՀՕՄ-ը առաջիկային նոր ծրագիր պիտի իրականացնէ նաեւ Սիւնիքի մէջ։ «Ոչ թէ անպայման տուներ նուիրելու ծրագիր, այլ կ'ուզենք Սիւնիքը զօրացնել, եւ այնտեղ հաստատուած արցախցիներուն կեանքը որեւէ ձեւով դիւրացնել, որպէսզի մնան հայրենիք, չերթան արտերկիր»,- մանրամասնեց Մարօ Քէշիշեան։

Մարօ Քէշիշեանի հետ զրոյցն աւարտեցինք՝ Արցախի մասին խօսելով։

«ՀՕՄ-ը արցախցիներուն հետ ամէնօրեայ շփումներու մէջ է․ մեզի կը դիմեն, մենք իրենց օգտակար կ'ըլլանք։ Իւրաքանչիւրը, որ կու գայ օգնութիւն խնդրելու, արդէն աչքերէն կը հասկնաս, որ ան մելամաղձոտ է, սրտնեղած։ Բայց բան մը կայ անոնց մէջ․ շատ զօրաւոր կամքի տէր են․ անոնք յոյս ունին եւ կը հաւատան, որ նորէն պիտի վերադառնան Արցախ ու ապրին անցեալի՝ իրենց փառայեղ օրերը։ Ես եւս անձնապէս շատ կապուած եմ Արցախին։ Շրջափակումէն առաջ վեց ամիս այնտեղ ապրեցայ, երիտասարդութեան հետ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներ տարի, ծանօթացայ շրջապատին․ իսկապէս այդ երկիրը կարելի չէ տալ թշնամիին. շատ գեղեցիկ եւ բերրի հող ունեցող հիանալի հանրապետութիւն է, որ, վստահ եմ՝ պիտի վերադարձուի մեզի։ Արցախցին, իսկապէս, զօրաւոր կամքի տէր է։ Ի հարկէ, կան նաեւ այնպիսիք, որոնք յուսահատած են՝ մանաւանդ տարեցներուն մէջ կան նման մարդիկ, կ'ըսեն՝ արդեօ՞ք պիտի նորէն երթանք, պիտի տեսնենք․․․ բայց մենք կը քաջալերենք զանոնք եւ անոնք կը յուսադրուին։ Մենք Արցախի հետ ենք։ Արցախը մերն է եւ մերը պիտի մնայ»,- եզրափակեց Մարօ Քէշիշեան։

 

Նիւթը Գանատայի «Հորիզոն»էն