image

«Հայաստան» Հիմնադրամի նեցուկը՝ Լիբանանի դպրոցներուն

«Հայաստան» Հիմնադրամի նեցուկը՝ Լիբանանի դպրոցներուն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն` փորձելով թեթեւցնել անոնց բեռը Լիբանանի տնտեսական, քաղաքական թէ առողջապահական այս սուր տագնապներու օրերուն:

Այսպէս, դեկտեմբեր 2019-ին, յուլիս եւ օգոստոս 2020-ին եւ ապրիլ 2021-ին Լիբանանի հայկական վարժարաններուն կատարուած յատկացումներէն ետք, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինը (Fonds Armenien de France) անգամ մը եւս հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակին ճամբով կը հասնի լիբանանահայ վարժարաններու օգնութեան` բարձր գնահատելով այս սաստիկ տագնապալի պայմաններուն մէջ անոնց թափած ճիգն ու կատարած հսկայական աշխատանքն ու նուիրական գործը եւ հարիւր հազար եւրօ եւս կը նուիրէ անոնց` իբրեւ նիւթական օժանդակութիւն եւ աշխատակազմի աշխատավարձի մասնակի փոխհատուցում:

Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինին ճիգերով, այս գումարը արդէն իսկ կանխիկ ստացուած է եւ փոխանցումները կատարուած են լիբանանահայ 16 կրթական հաստատութիւններու:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ անոր Ֆրանսայի մարմինին` հերթական այս օժանդակութեան համար: Վստահ ենք, որ հաւաքական ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել բոլոր տեսակի դժուարութիւնները` յուսալով, որ Լիբանան շուտով դուրս կու գայ այս տագնապալի իրավիճակէն:

Կը մաղթենք յաջողութիւն եւ կորով` Լիբանանի կրթական հաստատութիւններուն եւ անձնակազմերու անդամներուն:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ

Լուրը՝ Ազդակէն