Հայաստան ժամանած Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըրը X-ի իր էջին հետեւեալ գրառումը կատարած է.
«Վայրէջք կատարած են Երեւանի մէջ՝ Հայաստան: Երկրի եւ տարածաշրջանի համար այս կարեւոր պահուն ես այստեղ եմ՝ վերահաստատելու Միացեալ Նահանգներու վճռական աջակցութիւնն ու գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ եւ անմիջականօրէն խօսելու անոնց հետ, որոնք տուժած են Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամէն»,- գրած է Փաուըր: