image

Հայաստան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն պիտի բանայ Կիպրոսի մէջ

Հայաստան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն պիտի բանայ Կիպրոսի մէջ

Հայաստանը դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն պիտի բանայ Կիպրոսի մէջ։ Այդ մասին մարտ 7-ին Երեւանի մէջ Կիպրոսի Արտաքին գործոց նախարարի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։

«Մենք որոշում ունենք դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն բացել Կիպրոսում։ Ջանքեր չենք խնայի, որ դա արուի հենց այս տարի»,-ըսած է Միրզոյեանը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը վստահ է, որ մայրաքաղաքներու մէջ դիւանագիտական ներկայութիւնը պիտի նպաստէ հայ-կիպրական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման։

Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քոնսթանթինոս Քոմպոսն ալ յայտարարած է, որ 2024-ին Կիպրոսը եւս դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն պիտի բանայ Երեւանի մէջ։