image

Հայ-թուրք բանագնացներու առաջին հանդիպումը Յունուարի՞ն

Հայ-թուրք բանագնացներու առաջին հանդիպումը Յունուարի՞ն

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Յունուարին: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:

«Ամսաթիւը տակաւին յստակ չէ, սակայն կ'ակնկալուի, որ հանդիպումը տեղի ունենայ Յունուարին», ըսած է թուրք նախարարը, որուն խօսքով՝ այդ պիտի կայանայ Մոսկուայի մէջ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիան որպէս բանակցորդ նշանակած է ԱՄՆ-ի մէջ իր նախկին դեսպան Սերտար Քըլըճը, իսկ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեանը: