Ռուսաստանը մշտապէս աջակից է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջնորդութեամբ մեկնարկած է 14 յունուարին՝ Մոսկուայի մէջ։ Այս մասին շաբաթական ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Մենք պատրաստ ենք այսուհետեւ եւս ամէն կերպ աջակցելու հայ-թրքական երկխօսութեան, ելլելով այն հանգամանքէն, որ այդ կը բխի տարածաշրջանի կայունութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման շահերէն»,- ըսած է ան։
Զախարովան յիշեցուցած է, որ Ռուսաստանը միայն 2022 թուականին չէ, որ նպաստած է Երեւանի եւ Անգարայի յարաբերութիւններու կարգաւորման։