image
Հրատապ լուրեր:

Հայ Կաթողիկէ Միաբանութեան երիտասարդ հոգեւորական Գերյ. Հայր Նարեկ Վրդ. Նաամոյանին նոր աստիճան

 Հայ Կաթողիկէ Միաբանութեան երիտասարդ հոգեւորական Գերյ. Հայր Նարեկ Վրդ. Նաամոյանին նոր աստիճան

 Օրեր առաջ «Արեւելք» գրած էր  Հայ Կաթողիկէ Միաբանութեան երիտասարդ  հոգեւորականներէն  Հայր Նարեկ վրդ. Նաամոյեանին Երուսաղէմի մէջ  յատուկ պաշտօնի մը անցնելուն մասին։ Նոյն առումով եւ թարմացնելով մեր տեղեկութիւնները «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն վերահասու կը դառնանք, որ  Հայր Նարեկին շնորհուած է  վարդապետական աստիճանի բարձրացում։

 

Լուրը մանրամասնօրէն հրատարակութեան պատրաստած է »Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութեան գլխաւոր խմբագիր ՝ Տիար Ռոպէրթ Ադդարեան։

 Ստորեւ լուրը մանրամասն՝

 

 

Կիրակի 11 սեպտեմբերին, Խաչվերացի տօնին օրը, առաւօտեան ժամը 11-ին Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ նախագահեց կիրակնօրեայ հայրապետական սուրբ պատարագին, որուն ընթացքին Ան Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի մեծաւոր` Հայր Նարեկ Վրդ. Նաամոյանին շնորհեց Թագադիր Ծայրագոյն Վարդապետի տիտղոսը, անցեալ 25 օգոստոսին զայն Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Հայ Կաթողիկէներու Պատրիարքական Եկզարք նշանակելէն յետոյ։

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին, քոյր եկեղեցիներու կղերական անդամներ, Արժանթինի հայ կաթողիկէ համայնքի երբեմնի ու ներկայ առաջնորդներ` Արհ. Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեան եւ Արհ. Պօղոս Եպիսկոպոս Հէքիմեանը, Զմմառու միաբանութեան մեծաւոր Գերյ. Գաբրիէլ Ծ. Վ. Մուրատեան, Հայ Քոյրերու Անարատ Յղութեան միաբանութեան մեծաւոր Մայրը, Մայր Արուսեակ Սաճոնեան ու միաբանութեան անդամ քոյրեր, Վարժարանի փոխ տեսուչն ու ժառանգաւորները, Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան Տիար Կարեն Նազարեանը ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպանատուներուն անձնակազմը, Սուրբ Աթոռի մօտ Լիբանանի հանրապետութեան դեսպանը ու այլ պատուարժան հիւրեր եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։

 

Պատարագիչ Հայրապետը հարց տալէ ետք եթէ թեկնածուն ունի Հին ու նոր Կտակարաններուն վարդապետութեան եւ առաջին սուրբ Հայրերու կանոններուն ուսումը ու հնազանդ է Կաթողիկէ Սուրբ Եկեղեցւոյ, հրաւիրեց զինք դաւանելու Սուրբ հաւատքը, որմէ ետք Անոր յանձնեց նախ մատանին «որպէս գրաւական հաւատարմութեան», ապա տուաւ սուրբ Աւետարանը, որպէսզի քարոզէ զայն, հուսկ Անոր գլխուն վրայ զետեղելով թագը շնորհեց նաեւ առաջնորդութեան գաւազանը, «որպէսզի չարագործները դատէ ու հնազանդները հովուէ»։

Հոգեւոր Տիրոջ քարոզը

 

Թագադիր Ծայրագոյն Վարդապետոի տիտղոսի տուչութեան արարողութենէն ետք ընթերցումը կատարուեցաւ օրուան ընթերցուածին ու Աւետարանին, որմէ ետք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը, որուն սկիզբը իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Գերյ. Նաամոյան Ծայրագոյն Վարդապետին հրաւիրելով, որ Ան միշտ իր հետ տանի Աւետարանը, եւ Աստուած ըլլայ Անոր առաջնորդը այս նոր առաքելութեան մէջ։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մատնանշեց հուսկ օրուան տօնակատարութեան` Խաչվերացի տօնին ու անոր իմաստին։

«Խաչը առանց խաչեալի ամօթի նշան է, բայց Խաչեալով յաղթանակի նշան է» ըսաւ Հոգեւոր Տէրը աւելցնելով, որ Յիսուս ուզեց ամբողջութեամբ քալել խաչի ճանապարհէն մեզի ցոյց տալու ու մանաւանդ յիշեցնելու` որ ամէն անգամ որ որեւէ նեղութեան մէջ ըլլանք, յիշենք, որ Ինք մեզմէ առաջ անցաւ այդ խաչի ճանապարհէն. Այդ պահը երբ հիւանդ ենք, այդ պահը երբ հալածուած ենք, այդ պահը երբ քննադատուած ենք, այդ պահը երբ սպառնալիքի դիմաց ենք, յիշենք, որ Քրիստոս այս բոլոր բաներէն անցաւ», ըսաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդգծելով նաեւ թէ ի միտ ունենալու ենք որ Խաչի ճանապարհին աւարտին կայ Յարութեան յոյսը, ի հեճուկս մահուան, զոր Քրիստոս յաղթեց, մեզի բանալով յաւիտենական կեանքին դռները»։

 

Հոգեւոր Տէրը հրաւիրեց ապա միշտ նայելու ու խոկալու Խաչին, հակառակ մեզ շրջապատող բոլոր դժուարութիւններուն, հարցերուն, պատերազմներուն, ու ապրիլու Յարութեան յոյսով, ապա քարոզը եզրափակեց հաւատացեալներուն մաղթելով` որ իրենց կեանքը պսակուի Խաչի յաղթանակով։

«Թող` որ Սուրբ Խաչը, որ մենք, որպէս Եկեղեցի եւ որպէս ազգ ունինք, որպէս զինանշան, պահպանէ ձեզ բոլորդ, յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Ամէն» ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հաւատաւոր ժողովուրդին մասնակցութեամբ աղօթելով հաւատամքը։

Սուրբ Զոհի աւարտին Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան մեծաւոր Հայր` Գերյ. Գաբրիէլ Ծ. Վ. Մուրատեանը ընթերցումը կատարեց Հայրապետական Կոնդակին որով Հայր Նարեկ Նաամոյանին շնորհուեցաւ Ծայրագոյն Վարդապետի տիտղոսը ու Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Հայ Կաթողիկէներու Պատրիարքական Եկզարքի պաշտօնը։

Պատարագին յաջորդեց կոկիկ հիւրասիրութիւն Լեւոնեան Ք. Վարժարանի գաւիթին մէջ։