Քամալա Հարիս եւ Տանըլտ Թրամփ պայմանաւորուած են հեռատեսիլային բանավէճերու երկրորդ փուլ կայացնել հոկտեմբերին։
Այս մասին գրաւոր յայտարարութեան մէջ յայտնած է փոխնախագահ Հարիսի նախընտրական քարոզարշաւի հաղորդակցութեան գիծով տնօրէն Մայքլ Թայլըր։
«Տանըլտ Թրամփի նախընտրական շտաբն ընդունած է երեք բանավէճ կայացնելու մեր առաջարկը՝ երկու փուլ՝ նախագահի թեկնածուներու եւ մէկը՝ փոխնախագահի թեկնածուներու հետ։
Եթէ Տանըլտ Թրամփ իսկապէս յայտնուի փոխնախագահ Հարիսի հետ 10 սեպտեմբերին կայանալիք բանավէճին, ուրեմն Մինեսոթայի նահանգապետ Ուոլց 11 հոկտեմբերին կը հանդիպի Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի հետ, այնուհետեւ ամերիկացի ժողովուրդը եւս մէկ հնարաւորութիւն կ'ունենայ տեսնելու փոխնախագահի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ բանավէճ հոկտեմբերին»,- ըսած է ան։