image
Հրատապ լուրեր:

Հարաւային Քորէան եւ ԱՄՆ համատեղ զօրավարժութիւններ սկսած են

Հարաւային Քորէան եւ ԱՄՆ համատեղ զօրավարժութիւններ սկսած են

Հարաւային Քորէան եւ Միացեալ Նահանգները երկուշաբթի սկսած են կանոնաւոր համատեղ զօրավարժութիւնները նոր անուան ներքոյ՝ Ulchi Freedom Shield (UFS), որոնք 4 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներառած են դաշտային մարզումներ: Այս մասին յայտնած է «Yonhap» գործակալութիւնը:

Զօրավարժութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ 1 սեպտեմբեր, պիտի ներառեն հրամանատարական կէտերու համակարգչային ձեւաւորում, դաշտային ուսուցում եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան վարժանքներ: Զօրավարժութիւններու առաջին մասը միտուած է Հիւսիսային Քորէայի ենթադրեալ յարձակումները ետ մղելուն եւ մայրաքաղաքի պաշտպանութեան, երկրորդ մասը կեդրոնացած է հակայարձակողական գործողութիւններու վրայ։

Զօրավարժութիւններու ընթացքին COVID-19-ի տարածումը կանխելու համար զինուորական անձնակազմէն կը պահանջուի յանձնել քննութիւններ եւ կրել դիմակներ։