image
Հրատապ լուրեր:

ՀԱՊԿ-ի ՊՆ եւ ԱԳ նախարարներու յաջորդ գագաթը՝ Երեւանի մէջ

ՀԱՊԿ-ի ՊՆ եւ ԱԳ նախարարներու յաջորդ գագաթը՝ Երեւանի մէջ

ՀԱՊԿ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդներու, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու կոմիտէի յաջորդ նիստերը տեղի պիտի ունենան յաջորդ տարուան առաջին կիսուն Հայաստանի մէջ: Այս մասին յայտարարած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը ԱԳՆ եւ ՊՆ ղեկավարներու խորհուրդներու համատեղ նիստի արդիւնքները ամփոփելու ժամանակ։

«Որոշում կայացուած է ՀԱՊԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ ՀԱՊԿ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի հերթական նիստը կայացնել 2022թ. առաջին կիսուն Հայաստանի մէջ»,- ըսած է Զասը։

Նիստի մասնակիցները ընդունած են կազմակերպութեան յայտարարութիւնն Աֆղանստանի իրավիճակի վերաբերեալ։