ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութեան հնարաւոր դադրեցումը պէտք է բխէ Հանրապետութեան իրական կարիքներէն, այլ ոչ թելադրուի Արեւմուտքի կողմէ՝ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը: Ան պնդած է, թէ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալը չի բխիր Հայաստանի ազգային շահերէն:
Միաժամանակ, Մարիա Զախարովան նշած է, որ իւրաքանչիւր երկիր ազատ է ընտրելու, թէ որ կազմակերպութիւններու հետ կ՚ուզէ զարգացնել յարաբերութիւնները՝ հիմնուելով յստակ պատճառներու եւ գործօններու վրայ։
«Այն պէտք է կատարուի՝ հաշուի առնելով իրականութիւնը, այլ ոչ թէ Արեւմուտքի հետ «սիրախաղ»ը։ Պէտք չէ խաղեր խաղալ, այդ շատ վտանգաւոր է, քանի որ խօսքը անվտանգութեան մասին է»,- ընդգծած է Զախարովան:
ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը կրկին պնդած է, թե ՀԱՊԿ-ին ուղղուած մեղադրանքներն անհիմն են: