image

ՀԱՊԿ-էն արձագանգ՝ Փաշինեանին

ՀԱՊԿ-էն արձագանգ՝ Փաշինեանին

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) Հայաստանի մէջ իր պատասխանատւութեան տարածքը կը համարէ երկրի ինքնիշխան տարածքը՝ կարգաւորուած պետական ​​սահմաններու շրջածիրէն ներս: РБК-ին յայտնած են ՀԱՊԿ-էն։

Այդպէս կառոյցն արձագանգած է Հայաստանի մէջ Կազմակերպութեան պատասխանատւութեան գօտին ճշդելու վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պահանջին։

«Պատասխանատւութեան ոլորտի մասին ձեւակերպումը բաւականին բարդ է, եւ այն աւելի շատ նպատակ ունի ուշադրութիւն հրաւիրել հանրապետութեան մէջ տիրող իրավիճակի վրայ, քան ստանալ առարկայական պատասխան։ Համաձայն 2010-ի փոխգործակցութեան սկզբունքներու մասին համաձայնագրին, որ ստորագրուած է ՀԱՊԿ-ի մէջ, պատասխանատւութեան գօտին անդամ երկիրներու ինքնիշխան տարածքն է։ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատւութեան գօտին կ՚աւարտի այնտեղ, ուրկէ կ՚անցնի Հայաստանի եւ անոր հարեւաններու միջեւ երկկողմանի հիմունքներով կարգաւորուած պետական սահմանը»,-ըսուած է ՀԱՊԿ պատասխանին մէջ։

Մարտ 12-ին Կառավարութենէն ներս հրաւիրած ասուլիսի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է․ «Մենք պահանջում ենք, որ ՀԱՊԿ-ը պատասխանի մէկ հարցի՝ ո՞րն է ՀԱՊԿ պատասխանատւութեան գօտին ՀՀ-ում»։ Անոր խօսքով՝ երբ ՀԱՊԿ-ը կը պատասխանէ այդ հարցին ու այդ պատասխանը կը համապատասխանէ ՀՀ պատկերացումներուն, այդ կը նշանակէ, որ Հայաստանի ու ՀԱՊԿ-ի միջեւ հարցերը հասցէագրուած են ու լուծուած, եթէ ոչ՝ Հայաստանը դուրս կու գայ ՀԱՊԿ-էն։