Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի 17 Հոկտեմբերին կայանալիք ՏԻՄ ընտրութիւններուն: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է ՀՀԿ կազմակերպչական յանձնաժողովի նախագահ Ռուբէն Թադեւոսեանը՝ նշելով, որ մասնակցութեանն առնչուող մնացած հարցերը ներկայ պահուն քննարկման փուլի մէջ են, առաջիկայ օրերուն կը հստակեցուին մանրամասները:
«Այս տարի ՏԻՄ ընտրութիւններ են նախատեսուած Հոկտեմբերի 17-ին, Նոյեմբերի 14-ին եւ Դեկտեմբերի 5-ին: Երբ ամբողջական պատկերը կը լինի՝ կապուած կառավարութեան եւ ԿԸՅ որոշումների հետ, մենք էլ կ'որոշենք՝ ինչպէս ենք մասնակցելու»,- նշած է Թադեւոսեանը:
Հարցին, թէ ինչ ձեւաչափով կը պատրաստուի մասնակցիլ ՀՀԿ-ն ընտրութիւններուն՝ առանձի՞ն, թէ՞ դաշինքի կազմին մէջ, Թադեւոսեանը ոչինչ բացառած է:
«Հնարաւոր է, ընտրական օրէնսգիրքը նման հնարաւորութիւն էլ է ընձեռում, կը քննարկենք, կ'որոշենք մասնակցութեան ձեւաչափը: Գնահատում ենք առկայ իրավիճակը, եւ, բնականաբար, իրատեսական ենք նայում թէ՛ իրավիճակին, թէ՛ մեր եւ թէ՛ մրցակիցների շանսերին, այդ ամէնը, ի հարկէ, վերլուծուում է»,- նկատած է ՀՀԿ ներկայացուցիչը:
17 Հոկտեմբերին համամասնական ընտրակարգով ՏԻՄ ընտրութիւններ պիտի կայանան Սիւնիքի մարզի Գորիս, Մեղրի, Տեղ, Տաթեւ համայնքներու մէջ, Շիրակի մարզկեդրոն Գիւմրի քաղաքին մէջ, Տաւուշի մարզի՝ Դիլիջանի մէջ:
Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը նշուած բոլոր համայնքներուն մէջ ալ թեկնածուներ պիտի առաջադրէ, որոնց անունները օրեր առաջ հրապարակուած էր ՔՊ վարչութեան նիստէն ետք: