image
Հրատապ լուրեր:

Հանդիսապետութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք.ի Հանդիսաւոր տօնակատարութիւն Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ

Հանդիսապետութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք.ի Հանդիսաւոր տօնակատարութիւն Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ

Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ.  Տ.  Անուշաւան  արք. Դանիէլեանի գլխաւորութեամբ, Ռիճֆիլտի Նիւ Ճըրզի նահանգի Սուրբ Վարդանանաց եկեղեցւոյ կից Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւն։ 

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած լրատւութիւնը։

Սուրբ ծննդեան  առթիւ եղած տօնակատարութեան ընթացքին կատարուեցաւ աւանդական Տնօրհնէքի արարողութիւն: Հոգեւորականներ, ծխականներ եւ համայնքի անդամներ հաւաքուած էին նշելու համար մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօնը: 

Սրբազան Հայրը նախքան իր քարոզը սկսիլը, Սբ. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկոյ Ն.Ս.ՕՏ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական ողջոյնները, բոլոր հոգեւորականներուն, վարչական մարմիններուն, քոյր կազմակերպութիւններուն եւ առաջնորդարանի հաւատացեալ ժողովուրդին։ Այս տօնի առիթով Նորին Սրբութիւնը հաւատքի նորոգման եւ վճռականութեան իր ցանկութիւնը յայտնեց  հաւատաւոր ժողովուրդին կոչ ընելով համայնքներու վերակազմակերպման եւ յաջողութիւններու հասնելու թէ հոգեւոր, թէ ազգային եւ թէ մշակութային ոլորտներու մէջ։

Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորական ուղերձը կիսուելէն ետք Անուշաւան Սրբազան հանդէս եկաւ  քարոզով` ներշնչուելով շարականագիր Ներսէս Շնորհալիի «Նորաստեղծեալ» շարականէն յատկապէս «Ո՜վ Սէր (խօսքը Քրիստոսի մասին է), սիրոյ պատճառով խոնարհեցիր քեզ եւ մարմնացար մեր փրկութեան համար» տողերը: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց նաեւ, որ Աստուծոյ էութիւնը սէրն է, որ ոչ միայն իր մէջ եղած սէրը հասցուց որ տիեզերքը ստեղծէ, այլեւ հասցուց ինքզինքը դէպի անձնազոհութեան: Մեծագոյն սիրոյ պատճառով (Քրիստոս) Իր անձը խոնարհեց ու մարդ դարձաւ, որպէսզի մարդկութիւնը նորոգուի ու վերագտնէ իր կորսուած աստուածային նմանութիւնը։

Սուրբ Պատարագէն եւ ջրօրհնէքի արարողութիւնէն ետքը ծխական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան տօնի համար նախատեսուած հաւաք մը։ Սրբազան Հօր կողմէն տեղի ունեցաւ սեղանի օրհնութեան կարգ, որմէ յետոյ ներկայ գտնուողները վայելեցին հայկական աւանդական ուտեստները։ Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս շնորհաւորեց բոլոր գործունեայ կազմակերպութիւններն ու ծխականները՝ մաղթելով անոնց շարունակական յաջողութիւններ զօրակցելու եւ հարստացնելու համայնքային կեանքը:

Ապա, երեկոյեան, Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի գրասենեակներուն մէջ տեղի ունեցաւ Տնօրհնէքի աւանդական արարողութիւն՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ Լագիսեանի ձեռամբ: Ներկայ էին նաեւ Տուկլըսթընի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Տէրտէրեանը, Տրոայի  Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Վահան Գույումճեանը եւ շրջակայքի հաւատացեալ ծխականներ:

Հակառակ կլիմայական անբարենպաստ պայմաններուն՝ Անուշաւան Սրբազան իր գոհունակութիւնը յայտնեց Առաջնորդարանին մէջ տնօրհնէքի արարողութիւնը մնայուն աւանդութիւն դարձնելու համար։ Ան ներկաներուն ներկայացուց Ն.Ս.ՕՏ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի  ամանորեայ պատգամին  բնաբանը նշելով, որ  « Վեհափառ Հայրապետը 2025 թուականը «աւանդոյթներու վերածնունդի տարի» հռչակելով ընդգծեց աւանդութիւններու կարեւորութեան մասին, վերահաստատելով համայնքներու եւ ժողովուրդներու պահպանումը հաւաքական կեանքին մէջ»։ Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Սրբազան հայրը աղօթեց եւ մաղթեց աշխարհին խաղաղութիւն, հայրենիքի ապահովութիւն, ինչպէս նաեւ Արցախէն տեղահանուածներու համար արդարութիւն եւ հայկական սփիւռքի բարգաւաճում։