image
Հրատապ լուրեր:

«Համատանիա» քաղաքին մէջ եղած հրդեհին առընթեր. Իրաքի Առաջնորդարանէն՝ ցաւակցութիւն

«Համատանիա» քաղաքին մէջ եղած հրդեհին առընթեր. Իրաքի Առաջնորդարանէն՝ ցաւակցութիւն

Իրաքի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքին առընթեր Իրաքի հայոց առաջնորդարանը իր գլխուն ունենալով Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանը ցաւակցութիւն յղած է։

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Իրաքի Քրիստոնէական Էլ-Համտանիա (Պէղտիտա) քաղաքին մէջ տեղի ունեցող հարսանեաց հանդէսի ընթացքին ծագած էր մեծ հրդեհ, որուն հետեւանքով ալ զոհուած էին հարիւրաւոր անմեղ քաղաքացիներ։

 Ստորեւ Առաջնորդարանին կողմէ ներկայացուած ցաւակցական հաղորդագրութիւնը՝

Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Հիւսիսային շրջանի, Քրիստոնէական Էլ-Համտանիա (Պէղտիտա) քաղաքի ցաւալի դէպքի զոհերու

ընտանիքներուն և հարազատներուն ու կը հայցէ Բարձրեալն Աստուծոյ ողորմութիւնը ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան ու վիրաւորեալներուն` շուտափոյթ ապաքինման համար։

Յատկանշական է, որ հարիւրէ աւելի զանազան տարիքի անմեղ մարդիկ զոհ գացին հարսանեաց սրահի մը մէջ պատահած սոսկալի հրդեհին։

Այս առիթով Ուրբաթ օր, յաւարտ Սուրբ Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։