image

«Համաս» պատասխանած է Հրադադարի վերաբերեալ առաջարկին

«Համաս» պատասխանած է Հրադադարի վերաբերեալ առաջարկին

Պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը յայտարարած է, որ Քաթարին եւ Եգիպտոսին փոխանցած է Իսրայէլի հետ գերիներու փոխանակման մասին առաջարկներու պատասխանը, արձագանգը դրական եղած է։

«Վերջերս ՀԱՄԱՍ շարժումը ղեկավարութեան եւ դիմադրութեան խմբակցութիւններու հետ խորհրդակցութիւններէն ետք Քաթարի եւ Եգիպտոսի եղբայրներուն փոխանցեց համաձայնագրի վերաբերեալ իր պատասխանը», -ըսուած է շարժման մամուլի հաղորդագրութեան մէջ։

Նշուած է, որ ՀԱՄԱՍ շարժումն առաջարկին դրական արձագանգած է`ողջունելով հրադադարի ռեժիմը, պաղեստինցիներուն մարդասիրական օգնութեամբ ապահովելը, Կազայի հատուածի վերականգնումը, շրջափակման չեղարկումն ու գերիներու վերջնական փոխանակումը։

Յիշեցնենք, որ Յունուարի վերջաւորութեան Իսրայէլի, ԱՄՆ-ի, Եգիպտոսի եւ Կաթարի ներկայացուցիչները Փարիզի մէջ համաձայնեցուցած էին Կազայի հատուածին մէջ փուլ առ փուլ գերիներու ազատման նոր գործարքի հիմքերը։ ՀԱՄԱՍ շարժումը յայտարարած էր, որ Կազայի մէջ հաշտութիւն կնքելու առաջարկ ստացած է, կ՚ուսումնասիրէ այն եւ պիտի տայ իր պատասխանը։