Օրերս ուրախալի լուր մը ստացանք Հալէպէն։
Ներսէս Քէշիշեան եւ Դալար Սաղտըճեան կանգած են Սուրբ Խորանին առաջ եւ ուխտած միասին շարունակել իրենց կեանքը կազմելով գեղեցիկ հայ ընտանիք մը։
Ուշագրաւն այն է, որ մեր երկու հայրենակիցները, որոնք երկուքն ալ ծնած են Սուրիա (Մինչ Ներսէս ծնած է Հալէպ, իսկ Դալար՝ Քեսապ) իրար հանդիպած են Տուպայի մէջ, ուր արդէն կը բնակին ութ տարիներէ ի վեր։
Պսակի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ի ներկայութիւն հարազատներու եւ սիրելիներու մեծ շրջանակի մը։
Գեղեցիկ պատեհութեամբ մը Հալէպը դարձեալ միացման կէտ կը դառնայ մեր այն հայրենակիցներուն համար, որոնք պատերազմի հետեւանքով ստիպուած եղան հեռանալ իրենց սիրելի ծննդավայրէն։
Կը մնայ յուսալ եւ հաւատալ, որ Սուրիան դարձեալ կը շողայ ու անոր հետ ալ դարձեալ ոտքի կը կանգնի մեզի բոլորիս համար այդքան սիրելի Սուրիահայութիւնը, որ արեւմտահայոց համար իսկական եւ նուիրական արժէք եւ դեր ունի եւ պիտի ունենայ դարերով։