Օրեր առաջ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան տօնական օրերու առթիւ այցելութիւն մը տուած է Հալէպի Ազգային Ծերանոց։ Համայնքի աւագներուն եւ երէցներուն հանդէպ մեծ նախանձախնդրութեամբ մօտեցող եւ անոնց հոգերուն մասին միշտ ալ ականջ տուող Վերապատուելին այս այցը առաջինը չէ իր տեսակին մէջ։
Վեր. Սելիմեան միշտ ալ իր ուշադրութեան կեդրոնին կը պահէ այդ կարեւոր կառոյցը եւ տարբեր միջոցներով ալ իր նեցուկը կը ցուցաբերէ կառոյցին։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցող հանրութեան կը ներկայացնենք այդ առթիւ «Բեթել» եկեղեցւոյ էջին կողմէ հրապարակուած լրատւութիւնը։
Շաբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2023-ին, Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ընկերակցութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Ընկերային Ծառայութեան յանձնախումբին այցելեց Հայ Ծերանոցը: Այցելուները հիւրընկալուեցան Հայ Ծերանոցի Տնօրէնութեան ու Խնամակալ Մարմինի կողմէ: Վեր. Համայնքապետը հանդիպեցաւ ծերունիներուն հետ եւ զանոնք խրախուսելով ու քաջալերելով մաղթեց խաղաղ եւ առողջ կեանք: Այս առթիւ ան նուէրներ բաշխեց (գիշերազգեստներ) բոլոր ծերունիներուն Ս. Ծննդեան ուրախ եւ երջանկաբեր առիթով: