image

Հալէպի Մէջ Նշուեցաւ Ռ.Ա.Կ․ 100-ամեակը

Հալէպի Մէջ Նշուեցաւ Ռ.Ա.Կ․ 100-ամեակը

  Հազարումէկ հարցերու  դիմաց կանգնած հայկական Հալէպը  կը փորձէ  նոր շունչ մը քաշել։  Այդ մասին կը վկայեն Հալէպէն մեզի հասած լուրերը, որոնց վերջինը  տեղի Ռամկավար  Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձի պաշտօնական նշման  հանդիսութեան լուրն է։

 Ուրախալի է  անշուշտ, որ նմանօրինակ միջոցառումներու ճամբով  համայնքը քով-քովի կու գայ եւ իրողապէս  նոր որակի գնահատական կու տայ  այսօրուան ընդհանուր դրութեան։ Այլ  խօսք, որ   այսօր Հալէպահայը  ինչ խնդիրներու առաջ է կանգնած  եւ այդ խնդիրներու լուծման համար  ինչքանով  է իրական  համայնքի  միասնական կեցուածքն ու պատրաստակամութիւնը։ 

Ամէն  պարագայի կը շնորհաւորենք ՌԱԿ-ի Հալէպի  մարմինները, որոնք ամենատարբեր խնդիրները աչքի առաջ ունենալով յանձն  առած են նման հանդիսութիւն մը իրականացնել ի փառս   հայութեան եւ ի պանծացումն  Հալէպի մէջ  նուիրական  գործունէութիւն տարած   նոյն ՌԱԿ-եան երախտաւորներուն։

 Ստորեւ  միջոցառման  մասին  դիմատետրի ճամբով հրապարակուած թղթակցութիւնը։

 

Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած եւ դար մը ամբողջ անսակարկ նուիրումով հայ ժողովուրդին ծառայած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, անցեալ տարի, բոլորեց իր հիմնադրման 100-ամեակը: Հայաստանի մէջ հանդիսաւոր եւ պետական մակարդակով նշելէ ետք 100ամեակը, Հալէպի մէջ, Շաբաթ 10 Դեկտեմբեր 2022-երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նազարեան սրահին մէջ , ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու, ՀՀ հիւպատոսի, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հաւատաւոր ընկեր-ընկերուհիներու եւ համակիրներու պաշտօնապէս նշուեցաւ Ռ.Ա.Կ.ի 100ամեակը, կազմակերպութեամբ Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տեղական վարչութեան:

Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Ռ.Ա.Կ.ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վայրկեան մը յարգուեցաւ նահատակներու յիշատակը:

Բացման խօսքը, արաբերէն ներկայացուց Թ.Մ.Մ.ի Տեղական վարչութեան ատենապետ Բժիշկ Յարութիւն Նազարեան, իսկ հայերէնով՝ Ընկ. Շաղիկ Համալեան: Ապա, հրամցուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր: Արփի Գրտանեան ասմունքեց Ժագ Յակոբեանի «Խրախճանք» քերթուածը: Լարային քառեակը մասնակցութեամբ Դաւիթ Մելքոնեանի (ջութակ), Շահէ Աւագեանի (ջութակ), Սարգիս Աւագեանի (Վիոլա), եւ Սելլա Զաքարեանի (թաւ ջութակ) ներկաները հմայեցին իրենց բարձրորակ նուագով:

Ընկ. Եւգինէ Նազարեան կարդաց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան շնորհաւորագիրը: Հալէպի մէջ մեծ ներդրում ունեցած հանգուցեալ ընկ. Լեւոն Պլըխեանի յիշատակին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը: Տարօն Գասպարեան ասմունքեց Միքայէլ Նալպանտեանի «Երգ Ազատութեան» քերթուածը: Օրուան հանդիսավար ընկ. Մելինէ Էքմէքճի կարդաց Հ.Յ.Դ.-ի, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հայ Աւետարանական համայքի համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սէլիմեանի շնորհաւորական գիրերը: Ռ.Ա.Կ.-ի մասին տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, ելոյթ ունեցաւ մեներգիչ Աւօ Սերչեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ ընկ. Րաֆֆի Քէչէճեանի:

Օրուան բանախօս՝ Հալէպի Ռ.Ա.Կ.ի ատենապետ ընկ. Մեթր Կարապետ Շուշանեան, հակիրճ ներկայացուց կուսակցութեան անցած ուղին եւ ըսաւ.- «Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը ունեցաւ իմաստութիւնը դրսեւորելու ոչ թէ քաղաքական¸ այլ ազգայի՛ն մօտեցում՝ հայոց հայրենիքի վերաշինութեան եւ բարգաւաճման¸ սփիւռքահայ զանգուածները հայրենադարձութեան առաջնորդելու տեսակէտներէ։ ՌԱԿ-ի ներդրումը մեծ եղաւ սփիւռքի հայոց ոգեղէն ու մտաւոր յեղաշրջման մէջ՝ անտարբերութեան, վախի եւ հակա-Հայաստանեան հոգեվիճակէ՝ առաջնորդելով դէպի վստահութիւն, հաւատք եւ սէր մեր հայրենիքի նկատմամբ: Այնուհետեւ ՌԱԿ-ը ծնունդ տուաւ 1947-ին Թէքէեան Մշակութային Միութեան, որ շուտով տարածուեցաւ բազմաթիւ համայնքներու մէջ, որուն ջանքերով հայրենիք- սփիւռք մշակութային կապերը աւելի ամրապնդուեցան։»

Ապա, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի հիւպատոսը: Որմէ ետք կատարուեցաւ Գնահատագիրներու բաշխումը:

Հուսկ, Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի դրուատական եւ խրախուսիչ խօսքերով յայտագիրը իր աւարտին հասաւ: