image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպահայ լրագրողին տան մէջ հրդեհ. Ընտանեօք մեծ վտանգէ փրկուած են (Լուսանկար)

   Հալէպահայ  լրագրողին տան մէջ հրդեհ. Ընտանեօք մեծ վտանգէ փրկուած  են (Լուսանկար)

Հալէպահայ  երիտասարդ  լրագրող ՝ Յովիկ Շէհիրեանի  տան մէջ հրդեհ մը բռնկած է։

  Տան մէջ գտնուող լուացքի մեքենան   հրդեհէ   բռնուած է ու դարձած  հրոյ ճարակ։

    Մեր տեղեկութիւններով    հրդեհը   հետեւանք  եղած է  ելեկրական լարերու   սխալ  շփումի մը,  եւ մտահոգիչ եղած է  այն որ լուացքի մեքենային մօտ եղած են կազի տակառներ։

 Տան մէջ եղած են  Յովիկին մեծահասակ  ծնողները, որոնք դիմած են հարեւաններու օգնութեան մարելու համար հրդեհը։

   Հարեւաններու   ցուցաբերած  օգնութիւնէն ետք     վրայ   հասած են հրշէջ մարմիններ,  որոնք  արագօրէն մարած են հրդեհը։

 Վնասները եղած են    սոսկ նիւթական եւ   մեր հայրենակիցները  անցած են  իրենց բնականոն կեանքին։