image

Հակառակ պատերազամական իրավիճակին. Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի վերամուտը

    Հակառակ  պատերազամական  իրավիճակին. Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի վերամուտը

 Հակառակ Լիբանանը հարուածի տակ դրած իսրայէլեան պատերազմին Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Վարժարանը առաջնորդութեամբ վարժարանի ժրաջան տնօրէն՝ Տիար Կրէկուար Գալուստին ամառնային դադարէն ետք վերաբացած է իր դռները։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Մեսրոպեան Վարժարանի ցանցային խումբէն։

 Ստորեւ վերամուտին մասին ներկայացուած լրատւութիւնը։

9 Հոկտեմբեր 2024-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը վերաբացաւ իր դռները աշակերտներուն առջեւ, յաղթահարելով պատերազմական իրադրութեան պարտադրած վերամուտի ստիպողական յետաձգումը:

Վերամուտի այս յատուկ օրը նշուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ մը, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն պրն. Կրկէուար Գալուստ ընդգծեց կրթութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս ճգնաժամային այս շրջանին: Ան նշեց, որ ամենադժուար պայմաններուն մէջ իսկ, կրթութիւնը եղած է ընկերութեան զօրութեան եւ յարատեւման աղբիւրը: «Այսօր, աւելի քան երբեք, մենք պարտաւոր ենք շարունակել մեր առաքելութիւնը՝ կրթելու եւ դաստիարակելու մեր երիտասարդ սերունդը», ըսաւ ան:

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սահակ Քէշիշեան իր կարգին շեշտեց հաւատքի եւ յոյսի կարեւորութիւնը այս դժուարին ժամանակներուն: «Մեր հաւատքը կը զօրացնէ մեզ դիմակայելու բոլոր մարտահրաւէրները: Այս դպրոցը ոչ միայն գիտելիքի, այլ նաեւ հոգեւոր արժէքներու փարոս մըն է, որ պիտի առաջնորդէ մեր աշակերտները դէպի պայծառ ապագայ», ըսաւ ան:

Չնայած տիրող անկայուն կացութեան, Մեսրոպեան վարժարանը ձեռնարկած է բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումները՝ ապահովելու համար ուսումնառութեան բնականոն ընթացքը:

Մեսրոպեան վարժարանի վերամուտը կը հանդիսանայ յոյսի եւ տոկունութեան խորհրդանիշ մը ողջ լիբանանահայ համայնքին համար, ցոյց տալով թէ կրթութիւնը կը մնայ գերակայ արժէք՝ նոյնիսկ ամենադժուարին պայմաններուն տակ: