ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին ըսած է, որ ուքրանական հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի «միայն ռազմական ճանապարհով», եւ դաշինքը պիտի շարունակէ օգնել Քիեւին այդ հարցով:
Այս մասին յայտարարած է Պելճիքայի վարչապետ Ալեքսանտր տէ Քրոոն:
«Մենք արդէն հնարաւորութիւն ունէինք զրուցելու նախագահ Զելենսքիի հետ: Շատ կարեւոր է շարունակել խօսիլ անոր հետ` ընդգծելով, որ պատերազմը կարելի է յաղթել միայն մարտի դաշտին վրայ, եւ մենք պէտք է շարունակենք աջակցիլ նախագահ Զելենսքիին եւ Ուքրանիոյ ժողովուրդին, որպէսզի անոնք յաղթեն մարտի դաշտին վրայ», ըսած է Տէ Քրոոն: