image

Գիւմրին նշեց «Քաղաքի օրը»

Գիւմրին նշեց «Քաղաքի օրը»

Գիւմրին 4 հոկտեմբերին կը տօնէ «Քաղաքի օրը»։ Տօնական միջոցառումներուն մեկնարկը տրուած է Վարդանանց հրապարակէն՝ «Խաղաղութիւն մանուկներից» խորագրով միջոցառմամբ։ «Քաղաքի օրը» նշանաւորող միջոցառումներ կատարուած են Գիւմրիի տարբեր հատուածներու մէջ։

Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ յարակից պուրակին մէջ կատարուած է «Գիւմրի. վարպետաց քաղաք» խորագիրը կրող արհեստի ու արուեստի տօնավաճառը, ուր ներկայացուած էին տեղացի արհեստաւորներու եւ վարպետներու աշխատանքները։ Տօնավաճառի այցելուները իրենց ելոյթներով ուրախացուցած են «Հայկական զարդանախշեր» եւ «Անի» պարային համոյթները։ Տօնավաճառը բաց եղած է մինչեւ ժամը 18:00։

Տօնական միջոցառումներ կազմակերպուած են նաեւ քաղաքի թանգարաններուն մէջ։ 

Միջոցառումները եզրափակուած է շքեղ համերգով, տեղի ունեցած է  Վարդանանց հրապարակին վրայ։ Ելոյթ ունեցած են յայտնի եւ սիրուած արուեստագէտնեէ Աբրահամ Ռուսսօն, Սոֆի Մխէեանը, Սեւակ Ամրոյեանը, D'Litte-ն, «Գաթա Պենտ»-ը եւ Էռնըստ Յովհաննիսեանը։ 

Երեկոն աւարտած է տօնական հրավառութեամբ։