image

Գիւմրի-Լառնաքա նոր ուղեւորագիծ. Նախաձեռնողը «Wizz Air»ն է

Գիւմրի-Լառնաքա նոր ուղեւորագիծ. Նախաձեռնողը «Wizz Air»ն է

 «Wizz Air» օդանաւային ընկերութիւնը սեպտեմբեր 30-էն մեկնարկած է Լառնաքա -Գիւմրի- Լառնաքա երթուղիով թռիչքները Լառնաքայի միջազգային օդակայանէն դէպի Գիւմրիի «Շիրակ» միջազգային օդակայան:

Այս մասին յայտնած է «Արմենիա» միջազգային օդակայաններ» ընկերութիւնը։

Չուերթները պիտի իրականացուին շաբթական երկու թռիչք յաճախականութեամբ՝ սեպտեմբեր 30-էն հոկտեմբեր 25-ը՝ իւրաքանչիւր երեքշաբթի եւ շաբաթ օրերուն, եւ հոկտեմբեր 30-էն սկսեալ՝ իւրաքանչիւր հինգշաբթի եւ կիրակի օրերուն:

Տոմսերու առկայութեան, վերջիններուս ձեռքբերման եւ այլ մանրամասնութիւններու համար այցել ընկերութեան կայք՝ wizzair.com կամ բջիջային յաւելուած: