image

«Գիտակից եմ, որ Տէրն է իմ բուժիչը».Զաւէն Խանճեանի շնորհակալութեան խօսքը

 «Գիտակից եմ, որ Տէրն է իմ բուժիչը».Զաւէն Խանճեանի շնորհակալութեան խօսքը

Օրեր  առաջ «Արեւելք»  գրած եւ  շուտափոյթ ապաքինում  մաղթած էր   Տիար Զաւէն  Խանճեանին։

 Օրերս  Ամերիկայի Հայ Աւետարանչականի  գործադիր տնօրէնը  շնորհակալութեան սրտի խօսք մը հրապարակած է իր դիմատետրի էջով, որ կը ներկայցնենք ստորեւ.

 

 Անգամ մը եւս մեր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները կը յղենք   Զաւէն Խանճեան  քաջավստահ ըլլալով, որ  ան    պիտի շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը   յանուն քրիստոնէական բարձր արժէքներուն եւ ի փառս հայ  ժողովուրդին։

 

Սիրելի Գործակիցներ,

Սիրելի Բարեկամներ,

Երախտապարտ սրտով կ'ուզեմ տեղեկացնել ապաքինմանս մասին։ Արդէն ամիս մը անցած է այն օրէն, երբ սրտի վիրահատութեան ենթարկուեցայ: Չափազանց շնորհակալ եմ անզուգական համայնքի մը, ինչպէս նաեւ աշխարհացրիւ սիրելի բարեկամներու, ծանօթներու եւ անմիջական ընտանիքիս՝ իրենց աղօթքներուն եւ զօրակցութեան համար։ Շնորհակալ եմ բժիշկներու միջամտութեան եւ մասնագիտութեան համար։ Շնորհակալ եմ նաեւ այն հնարաւորութեան, որ Աստուած ընձեռնած է ինծի շարունակելու իմ աշխատանքը ձեր եւ այս եզակի առաքելութեան հետ։

Գիտակից եմ, որ Տէրն է իմ բուժիչը, եւ ձեր աղօթքները վստահաբար լսուած են։ Արդէն մասամբ կը հետեւիմ իմ առօրեայ պարտականութիւններու կատարման, եւ անհամբեր կը սպասեմ իմ ամբողջական ապաքինման եւ իմ առաքելութեան նպատակին վերադարձիս։

Խոնարհ սրտով, 

Զաւէն Խանճեան

Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն

 

 

Dear Ministry Partners,

Dear Friends,

It is with a grateful heart that I want to update you on my recovery. It has been a month since I underwent open-heart surgery and I am beyond thankful for the prayers and support of an incredible community, worldwide circle of friends and acquaintances and an amazing support of family. I am thankful for the medical intervention and the wisdom of my Doctors. I am also thankful for the opportunity God has granted me to continue working with you and this amazing mission. 

I declare that the Lord is my healer and your prayers certainly have been heard. I have slowly been keeping up with some of the day-to-day duties and look forward to my full recovery and returning to my mission purpose.

With a humbling heart,

Zaven Khanjian

AMAA Executive Director/CEO