image

Գերմանիոյ մէջ պիտի կայանայ Պայտընի, Մաքրոնի, Շոլցի եւ Սթարմըրի հանդիպումը

Գերմանիոյ մէջ պիտի կայանայ Պայտընի, Մաքրոնի, Շոլցի եւ Սթարմըրի հանդիպումը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այս շաբաթ Գերմանիա այցի ընթացքին պիտի հանդիպի Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ ՄաՔրոնի եւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հետ, յայտնած է CNN-ը՝ յղում ընելով աղբիւրներուն։

Ղեկավարները պէտք է բանակցութիւններ վարէին հոկտեմբեր 12-ին գերմանական «Ռամշթայն» օդուժի ռազմակայանին մէջ եւ քննարկէին Ուքրանիոյ օգնութիւն տրամադրելու հարցը, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահը չեղարկած էր այցը՝ Միացեալ Նահանգները պատուհասած «Միլթըն» փոթորիկի պատճառով։

CNN-ը չէ յստակեցուցած Պերլինի մէջ նախատեսուած հանդիպման մանրամասները։ Գերմանական լրատուամիջոցները գրած են, որ Ճօ Պայտընի այցի ծրագիրը «էականօրէն կրճատուած է»՝ ի սկզբանէ նախատեսուածի համեմատ։ Նշուած էր, որ հոկտեմբեր 18-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահը պէտք է հանդիպի Օլաֆ Շոլցի եւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հետ։