Հայաստանի արեւելեան ուղղութեամբ մարտական վերջին գործողութիւններու հետեւանքով գերեվարուած զինծառայողներէն 4-ի վերաբերյալ արդէն իսկ դիմում ներկայացուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ)։ 16 Նոյեմբերին ատրպէյճանական յարձակումի հետեւանքով գերեվարուած զինծառայողներու թիւը իրականութեան մէջ 13 չէ. անհետ կորսուածներու մեծ մասը գերեվարուածներ են։ Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ատրպէյճան գտնուող հայ ռազմագերիներու՝ ՄԻԵԴ-ի մօտ շահերու ներկայացուցիչ, իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեանը։
«ՀՀ ՊՆ–ի հրապարակած տուեալներն այնքան էլ չեն համապատասխանում իրականութեանը։ Այս պահին 4 անձի վերաբերեալ արդէն իսկ գանգատներ բացել ենք, սակայն հասկանալի է, որ բոլոր անհետ կորած կամ գերեվարուած անձանց առնչութեամբ նաեւ միջպետական գանգատի շրջանակում թարմացումներ տեղի կ'ունենան», ըսաւ Սահակեան։
Իրաւապաշտպանները մշտական կապի մէջ են հայ ռազմագերիներու խնդրով զբաղող լիազօր ներկայացուցչի գրասենեակին հետ։ Սահակեանի խօսքով` գրասենեակը ձեռք բերած է որոշակի տեղեկութիւններ 16 Նոյեմբերին Ատրպէյճանի հրահրած յարձակումին դէմ մղուած ինքնապաշտպանական մարտերուն ներգրաւուած անձերու վերաբերեալ, եւ շուտով միջպետական գանգատի ծիրէն ներս նոր գերեվարուածներուն խնդիրը կը ներկայացուի Եւրոպական դատարանին։
«Մենք համակցելու ենք անհատական գանգատները միջպետական գանգատների հետ եւ անհատական գործի շրջանակում նոր գործեր չենք ներկայացնի, քանի որ այդ տեղեկութիւններն արդէն ներառուած կը լինեն միջպետական գանգատի շրջանակում», պարզաբանած է Սահակեանը։