image

Գանատացի պատգամաւորները կոչ ըրած են անյապաղ բանալ Լաչինի միջանցքը

Գանատացի պատգամաւորները կոչ ըրած են անյապաղ բանալ Լաչինի միջանցքը

Պատգամաւոր Ռէյչըլ Թոմաս եւ սենատոր Լէօ Հուսաքոս՝ որպէս Գանատա-Արցախ պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի համանախագահներ, յայտարարութիւն հրապարակած են՝ կապուած Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման 200-րդ օրուան հետ:

«Դեկտեմբեր 12-էն ատրպէյճանական ուժերը շրջափակած են Լաչինի միջանցքը՝ Ղարաբաղը Հայաստանի հետ կապող միակ ճանապարհը: Շրջափակումն առաջացուցած է լուրջ մարդասիրական հետեւանքներ: 2020-էն ետք Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար բնակիչ յայտնուած է ճգնաժամի մէջ: Սնունդի սուր պակասը, վառելիքի, ելեկտրական ուժանիւթի, ջուրի մատակարարումներու խափանումները, արտաքին աշխարհի հետ կապի խզման հետ, աւելի խորացուցած են ճգնաժամը:

Շատերու, այդ շարքին՝ երեխաներու եւ մեծահասակներու, թերսնման խնդիր առաջացուցած է: Բժշկական հաստատութիւններու մէջ դեղորայքի պակաս կայ, ծրագրային վիրահատութիւնները կը յետաձգուին: Դպրոցներն ու հիմնարկները փակման եզրին են, ձեռնարկութիւններու փակումը կը զրկէ մարդիկ ապրուստի միջոցէն:

Շարունակուող շրջափակումը կը խոչընդոտէ բանակցութիւններու անցկացումը: Մենք կոչ կ'ընենք խաղաղ ճանապարհով վերջ տալու Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակմանն ու անմիջապէս բանալու Լաչինի միջանցքը»: