Ստանձնելով Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահութիւնը՝ Ֆրանսան ինքնաբերաբար աւելի մեծ կարեւորութիւն պիտի տայ Հայաստանի եւ Արցախի հարցերուն ոչ միայն իբրեւ Հայաստանի բարեկամ երկիր եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ, այլ այժմ նաեւ որպէս Եւրոմիութեան նախագահող: Այդպիսի կարծիք յայտնեց Փարիզի Քաղաքագիտութեան հիմնարկի փորձագէտ, ֆրանսահայ քաղաքագէտ Կայծ Մինասյանը՝ շեշտելով, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը յառաջիկայ վեց ամսուայ ընթացքին պէտք է շատ աշխոյժ ըլլայ արդիւնքի հասնելու համար:
«Ֆրանսան շատոնց կարեւորութիւն կու տայ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի հարցին, քանի որ թէ՛ բարեկամական երկիր է Հայաստանի եւ թէ՛ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներէն է: Ուրեմն, Ֆրանսան ինքնաբերաբար պէտք է աւելի մեծ կարեւորութիւն տայ Հայաստանին եւ Արցախին՝ հիմա նաեւ Եւրոմիութեան նախագահութեան մակարդակով: Բայց այդ չի նշանակեր, թէ պէտք է հանգիստ նստիլ եւ ոչինչ ընել: Ճիշդ հակառակը՝ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը, Հայաստանի կառավարութիւնը եւ հայկական «փափուկ ուժը» պէտք է աւելի աշխոյժ ըլլայ այդ ժամանակաշրջանին, որպէսզի ստանայ ինչ հնարաւոր է եւ ինչու չէ՝ քիչ մը աւելին», հաղորդեց Կայծ Մինասեանը:
Ըստ քաղաքագէտին, թէ՛ Ֆրանսայի նախագահութիւնը Եւրոմիութեան մէջ եւ թէ՛ Ապրիլին կայանալիք Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնները բացառիկ առիթ են հայերուն եւ Հայաստանի համար՝ փորձելու հայկական հարցերուն քաջատեղեակ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ միասին յառաջ երթալ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան, զարգացման, հայ գերիներու վերադարձի եւ շարք մը այլ հարցերու մէջ:
Նշենք, որ 2022-ի Յունուար 1-էն Ֆրանսան վեց ամիս ժամկէտով ստանձնած է Եւրոպական միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը: Այդ կարգավիճակը ԵՄ անդամ երկիրները կը ստանան 13 տարուայ մէջ մէկ անգամ: Էմանուէլ Մաքրոնը, որպէս Ֆրանսայի ղեկավար դառնալով նաեւ եւրոպական 27 անդամ պետութիւններու միութեան փաստացի առաջնորդը, յաւակնոտ օրակարգ ներկայացուցած է՝ յայտարարելով, որ այդ ժամանակահատուածը յառաջընթացի ժամանակ պիտի ըլլայ Եւրոպայի համար: