image

Ֆինլանտա եւ Շուէտ մինչեւ տարեվերջ ՆԱԹՕ-ի անդամ

Ֆինլանտա եւ Շուէտ մինչեւ տարեվերջ ՆԱԹՕ-ի անդամ

Ֆինլանտա եւ Շուէտ ՆԱԹՕ-ի պաշտօնական անդամներ պիտի դառնան մինչեւ այս տարուայ վերջ, գրած է Politico-ն՝ վկայակոչելով Ֆինլանտայի մէջ ԱՄՆ դեսպան Տուկլաս Հիքին։

Հիքի, որ պաշտօնը ստանձնած է ապրիլին, լաւատեսութիւն յայտնած առ այն, որ ՆԱԹՕ-ն մինչեւ տարեվերջ պիտի ունենայ 32 անդամ։

Թերթի տուեալներով՝ ՆԱԹՕ-ի 30 անդամներէն միայն երեքը մնացած են վաւերացնելու Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին Ֆինլանտայի եւ Շուէտի անդամակցութիւնը: