Լիբանանցի տաղանդաւոր երգչուհի՝ Ֆէյրուզ կը շարունակէ գրաւել «համացանցի ժողովուրդ»ի մեծ ուշադրութիւնը։
Երգչուհին, որ հատած է 80 տարիքը շատ քիչ երեւումներ կ՚ունենայ ու եթէ հանրային վայր մը գտնուի, ապա այդ մէկը կ՚ըլլայ բացառապէս ընտանիքի անդամներուն կամ հարազտներու նեղ օղակի շրջանակներուն մէջ։
Այս օրերուն Ֆէյրուզ երեւցած է իր դստեր՝ Ռիմա Ռահպանիին հետ, եւ մայր ու աղջիկ առնուած լուսանկարը տարածուած է մասնագիտութեամբ բեմադրիչ՝ Ռիմա Ռահպանիի կողմէ։
Հակառակ իր տարիքին, եւ բեմական քիչ երեւումներուն Ֆէյրուզ կը շարունակէ համարուիլ արաբական աշխարհի իսկական գոհարը։ Ձայնային ունակութիւններու կողքին, եւ շնորհիւ իր իմաստուն վարքին, լրջութեան եւ քչախօսութեան Ֆէյրուզ բոլորին , բոլոր ճաշակներուն, բոլոր տեսակի մարդկանց, բոլոր տարբերութիւններով ապրող արաբ հասարակութիւններուն սիրելին է, ապրող դասական մը, որուն հանդէպ սէրն իրական է, անկեղծ ու իր ստեղծած երգերուն նման ժամանակի ու տարածութեան հասկացողութիւնէն վեր եւ հեռու։
Սիրելի է Ֆէյրուզի նաեւ հայոց համար ու անոր արուեստի ստեղծման արանքներուն կանգնած կը շարունակէ մնալ հանրայայտ եւ ողբացեալ հայ երաժիշտ Ալեքսան Մնակեանը, որուն երաժշտական ստորագրութիւնը կը շարունակէ հմայել հազարները։