image

«Եթէ պայմանաւորուածութիւն ըլլայ, կ'ըսենք...». Փեսքով անդրադարձած է Փաշինեան-Ալիեւ հաւանական հանդիպման

«Եթէ պայմանաւորուածութիւն ըլլայ, կ'ըսենք...». Փեսքով անդրադարձած է  Փաշինեան-Ալիեւ հաւանական հանդիպման

«Եթէ ՌԴ-Հայաստան-Ատրպէյճան գագաթաժողովի կայացման մասին  պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուի, Քրեմլինը ժամանակին կը տեղեկացնէ»: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է ՌԴ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը՝ մեկնաբանելով Փութին-Ալիեւ-Փաշինեան յառաջիկայ հանարաւոր հանդիպման մասին լուրը:

«Այն պարագային, եթէ նման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուի, մենք ժամանակին կը տեղեկացնենք», ըսած է Փեսքով:

Աւելի վաղ գործակալութիւնը, յղում ընելով իր աղբիւրին, տեղեկացուցած էր, որ Նոյեմբերի առաջին տասնօրեակին Մոսկուայի մէջ կրնայ ըլլալ հանդիպին Փութինը, Ալիեւը եւ Փաշինեանը, իսկ հանդիպման աւարտին կը նախատեսուի եռակողմ յայտարարութիւններ ստորագրել: