Երուսաղէմի քաղաքապետը օրերս այցելութիւն տուած է Հայոց Պատրիարքարան եւ ընդունուած Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանին կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պատրիարքարանի դիւանապետ՝ Հոգշ. Տ. Աղան աբղ. Գոգչեանի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Մայիսի 3-ին, Երուսաղէմի քաղաքապետ տիար Մոշէ Լիոնն այցելեց Հայոց Պատրիարքարան և հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ համայնքներու Հոգեւոր պետերի հետ՝ շնորհաւորելու Ս. Զատկուան տօնը:
Այս տարի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն ներս։