image

Էրտողանի վարկանիշն անկման մէջ է

Էրտողանի վարկանիշն անկման մէջ է

Թուրքիոյ Նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հաւանութեան վարկանիշը յուլիսին անկում ապրած է. թուրքերու ընդամէնը 41.5 տոկոսը յայտարարած է, որ հաւանութիւն կու տան առաջնորդի աշխատանքին որպէս նախագահ՝ MetroPoll-ի ամենամսեայ «Թուրքիոյ զարկերակը» հարցման համաձայն: Այս ցուցանիշը յունիսի համեմատ նուազած է 2.7 տոկոսային կէտով։

Հարցումը տրուած է այն ժամանակ, երբ Թուրքիան կը պայքարի անխափան գնաճի հետեւանքներու դէմ, որն արագացած է 78.6 տոկոսով, եւ որ 24 տարուայ ամենաբարձր ցուցանիշն է եւ ամենաարագ ընթացքը խոշոր զարգացող շուկաներուն եւ զարգացած աշխարհին մէջ:

Նախագահ Էրտողանը հրաժարած է ժամանակին բարձրացնել տոկոսադրոյքները՝ գնաճը նուազեցնելու համար եւ անցեալ տարուայ վերջը հրամայած էր Կեդրոնական դրամատան կրճատել փոխառութիւններու ծախսերը, որ լիրայի կտրուկ անկման յանգեցուցած է: Այդ մէկը շարքային քաղաքացիի գնողունակութեան զգալի կրճատում պատճառեց։

Ըստ MetroPoll-ի հարցման՝ Էրտողանի իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեանն աջակցող ընտրողներու աւելի քան 7 տոկոսը եւ անոր դաշնակից գործընկերոջ՝ ծայրայեղ աջ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեանն աջակցողներու 31 տոկոսը յայտարարած են, որ հաւանութիւն չեն տար Էրտողանի գործողութիւններուն: 

Սպառողական գիներու աճը ծանր հարուած հասցուցած է Թուրքիոյ 84 միլիոն բնակչութեան, եւ մօտ ապագային բարելաւման քիչ յոյսեր կան, քանի որ քաղաքացիները ուժանիւթի եւ սնունդի բարձր գիներու եւ կտրուկ արժէզրկուած լիրայի բախուած են, որ կորսնցուցած է իր արժէքի 44 տոկոսը 2021-ին եւ մօտ 24 տոկոսն այս տարի։

Էրտողանի հաւանութեան վարկանիշն ապրիլի 53,6 տոկոսէն նուազած է մինչեւ 47,3 տոկոս մայիսին, քանի որ Թուրքիան դէմ էր Շուէտի եւ Ֆինլանտայի՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան: