Թրքական Haber Turk թերթի սիւնակագիր Ֆաթիհ Թայլի կը գրէ, որ Andy R Research ընկերութեան տնօրէն Ֆարուք Աքարը, որուն բնութագրած է որպէս «ռազմավարութիւնները ճշդող երեք ամենակարող անձերէն մէկը» Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի ղեկավարած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան մէջ, այժմ պիտի աշխատի «Լաւ» կուսակցութեան ընդհանուր նախագահ Մերալ Աքշեների հետ:
Թայլի կը գրէ, որ Ֆարուք Աքարը «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան կիզակէտին կը գտնուէր անոր հիմնադրութեան առաջին օրէն, եւ մէկն է այն անուններէն, որ 20 տարի սերտօրէն համագործակցած է Էրտողանի հետ, յատկապէս ընտրական ժամանակաշրջաններուն, եւ ան մէկն է երեք ամենակարող անձերէն: Թայլի յաւելած է, որ Աքարը այսուհետեւ պիտի որոշէ Մերալ Աքշեների եւ «Լաւ» կուսակցութեան ընտրական ռազմավարութիւնը:
Յօդուածագիրը կը նշէ, որ «Էրոլ Օլչուքի (Էրտողանի նախկին ընկերն ու խորհրդականը) մահը մեծ կորուստ էր «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան համար, աւելցնելով, որ Ֆարուք Աքարի հեռանալը պիտի ըլլայ երկրորդ մեծ հարուածը: