Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ գոհ է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումէն:
«Մենք կարծիքներ փոխանակեցինք առեւտուրը դիւրացնելու ուղղուած միջոցառումներուն մասին, ներառեալ՝ մաքսատուրքերու վերանայում, որ հասնինք մեր 100 միլիառ տոլարի առեւտրական նպատակային ծաւալին։
Մենք նաեւ կառուցողական կերպով դիտարկեցինք այն քայլերը, որոնք ճամբայ պիտի հարթեն պաշտպանութեան ոլորտի համագործակցութեան համար։
Քննարկուեցաւ նաեւ Կազայի հատուածի մարդասիրական աղէտը եւ սուրիական հարցը։
Ես կ՚աջակցիմ պարոն Թրամփի տեսակէտներուն՝ խաղաղութեան վերաբերեալ»,– ըսած է Էրտողան՝ Միացեալ Նահանգներէն վերադառնալէ ետք։
Ան ընդգծած է, որ իր այցը ԱՄՆ հրաշալի էր․ բանակցութիւնները ընթացած են անկեղծ, կառուցողական եւ արդիւնաւէտ մթնոլորտի մէջ։